Րաֆֆի Յովհաննէսեան Պիտի Սկսի Պայքարի Նոր Շրջանի

Րաֆֆի Յովհաննէսեան

Րաֆֆի Յովհաննէսեան

Երէկ` ներկայացնելով իր տարեկան ուղերձը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար եւ Հայաստանի նախագահի նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան դիտել տուած է, որ պայքարի նոր շրջանի պիտի սկսի: Ան յայտնած է, որ պիտի սկսի Հայաստանի ազատագրման համար պայքարը, եւ որ այս անգամ կարելի պիտի ըլլայ առաջադրուած նպատակին հասնիլ, որովհետեւ անցեալի սխալներէն կարելի է դասեր քաղել:

Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը կոչ ուղղած է` բողոքելու փոխարէն պատրաստ ըլլալու պայքարի: Պէտք է ձեւաւորել պայքարի միասնական հրապարակ, նշած է ան:

«Թանկագի՛ն հայրենակիցներ, համաքաղաքացիներ, անմիջական հրամայական դարձած է մեր ժողովուրդի օրինաւոր մեծամասնութեան հետ մէկտեղ իրականացնել սահմանադրական յեղափոխութիւն, քաղաքական եւ քաղաքացիական շահագրգիռ ուժերու ամէնէն լայն մասնակցութեամբ` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, մեր ազատութեան, ինքնիշխանութեան եւ ազգային շահի», ըսած է Յովհաննէսեան:

Յովհաննէսեան խոստովանած է, որ կարօտցած էր քաղաքացիներուն: Ամփոփելով իր խօսքը` ան յատուկ կերպով անդրադարձած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին յատկապէս տեղի ունեցած սղութիւններուն` ելեկտրականութեան եւ կազի մարզերուն մէջ: Ան խօսած է նաեւ կենսաթոշակային նոր համակարգին, կառատուներու վճարումներուն մասին:

Յովհաննէսեան անդրադարձած է նաեւ վերջերս, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտայայտած այն միտքին, թէ միայն զէնքով կայ փրկութիւն:

«Ատելութեան չափաբաժինը այնքան խտացուած է, բարձրացած է մեր մօտ, եւ հիմնական պատասխանատուն ատիկա է, որ շատերը կը մտածեն այդ խօսքի գործադրութեան մասին: Եւ քանի տակաւին ուշ չէ, եւ տակաւին չենք մօտեցած վտանգաւոր եւ անթոյլատրելի քաղաքացիական պատերազմի շեմին, մենք պէտք է այլ համապետական լուծում գտնենք այսօրուան մեր ճգնաժամին», նշած է Յովհաննէսեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )