Բրիտանացի Խորհրդարանականներ Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Բրիտանական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Բրիտանական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Հայաստան այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ Միջխորհրդարանական միութեան Բրիտանական խմբակի ղեկավար Ճոն Ուիթինկտէյլն ու խմբակի անդամներ` Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու տան փոխնախագահներ պարոնուհի Կլորիա Հուփըր, լորտ Ռիչըրտ Ֆոլքնըր, Համայքներու տան անդամներ Սթիվըն Փաունտ եւ Մայք Կէյփս այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Բրիտանացի հիւրերը ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, լռութեամբ եւ խոնարհումով յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:

Միջխորհրդարանական միութեան Բրիտանական խմբակի ղեկավարին եւ անդամներուն հետ հանդիպում ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, որ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ ծանօթացուց ցեղասպանութեան վերաբերող վաւերագիրներուն եւ փաստաթուղթերուն:

Լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցին ընթացքին պատուիրակութեան ղեկավար, Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տան անդամ Ճոն Ուիթինկտէյլ նշեց, որ շատ կը յուզուի ամէն անգամ, երբ Ծիծեռնակաբերդ կ՛այցելէ: «Կը մօտենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը, եւ մենք մտադիր ենք զայն նշելու Բրիտանիոյ մէջ: Շատ կարեւոր է, որ այն, ինչ որ պատահեցաւ, երբեք չմոռցուի: Այդ պատճառով ալ մենք այստեղ ենք», ըսաւ ան:

«Կը մօտենանք Մեծ եղեռնի 100-ամեայ տարելիցին, շատերը յոյս ունին, թէ մոռացութեան տրուած է այդ փաստը. մենք եկած ենք ապացուցելու, որ աշխարհը չէ մոռցած: Ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը պէտք է համախմբուի, որպէսզի ընդունի սարսափելի ոճրագործութիւնը, որ տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Ես հոգւով, սրտով հայերուն հետ եմ, թէեւ իմ երակներուս մէջ հայու արիւն չի հոսիր», իր կարգին շեշտեց Սթիվըն Փաունտ:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին վերաբերեալ Փաունտ նշեց, որ փետրուարի սկիզբը Համայնքներու տան մէջ Ղարաբաղի հարցով զեկուցում կատարած է: Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքները դանդաղ կ՛ընթանան, եւ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը շատ աւելին պէտք է ընէ այս գծով: Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կրկին ու կրկին պէտք է բարձրացուի Անգլիոյ խորհրդարանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )