Ղուլեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումը Կարելի Չէ Առանց Արցախի Մասնակցութեան»
Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցչութեան մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 17 փետրուարին ընդունած է հայ-բրիտանական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի անդամները` Ճոն Ուիթինկտէյլի գլխաւորութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը գնահատած է բրիտանացի խորհրդարանականներու հետաքրքրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հանդէպ:
Հանդիպման ընթացքին Ղուլեանը հիւրերուն խնդրանքով ներկայացուցած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ Արցախի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը:
Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լիարժէք լուծումը կարելի չէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեան:
Հանդիպման աւարտին կողմերը համաձայնած են շարունակել քննարկումները ե՛ւ Ստեփանակերտի, ե՛ւ Լոնտոնի մէջ:

