Լեւոն Հայրապետեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Չեխական Ակումբին Հետ

levon_hayrapetyanԵրէկ, իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ձախ յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան 2,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց չեխական Փրիպրամ խումբին հետ:

Փրիպրամ, որ Չեխիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ վարի դիրքերուն վրայ կը գտնուի, կը փորձէ մնալ Ա. դասակարգին մէջ:

16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք անիկա 15 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը (16 խումբերուն մէջ):

22 փետրուարին Փրիպրամ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ վերջին դիրքը գրաւող Պոհեմիանսը:

Share this Article
CATEGORIES