«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի – Պարսելոնա` 0-2. Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պայէր Լեւերքուզընը

աջին՝ Զլաթան Իպրահիմովիչ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պարսելոնայէն:
53-րդ վայրկեանին Մարթին Տեմիշելիս կարմիր քարտ մը ստացաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով յառաջանայ շնորհիւ Լիոնել Մեսիի նշանակած փենալթիին (54-րդ): Մրցումին վերջին վայրկեանին Պարսա նշանակեց իր երկրորդ կոլը` շնորհիւ Տանիել Ալվեսի:
Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրն էր Պայէր Լեւերքուզընի, 4-0 արդիւնքով ջախջախեց գերմանական կազմը` անոր սեփական դաշտին վրայ:
3-րդ վայրկեանին Պլեզէ Մաթուիտի նշանակեց ֆրանսական կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը: Ապա Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց երկու կոլ (39-րդ` փենալթիով եւ 42-րդ), իսկ Եոհան Քապայէ 88-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց չորսի:
Նշենք, որ այս մրցումին եւս հիւրընկալ կազմը մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Էմիր Սփահիչ 59-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան կը հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը, իսկ Արսենալ` Պայէրն Միւնիխը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

