Յստակացաւ 2-րդ «Քլասիքօ»-ին Թուականը
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան կազմակերպիչները կողմնորոշուեցան «Լա լիկա»-ի երկրորդ հանգրուանի կարեւորագոյն հանդիպումներէն մէկուն` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ տեղի ունենալիք մրցումին թուականին եւ ժամուան առնչութեամբ:
29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, տարեշրջանի երկրորդ «քլասիքօ»-ին տեղի պիտի ունենայ 23 մարտին, ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երթին, Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յաղթած էր իր դաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

