«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Գերբաժակի Մրցաշարք. Յստակացաւ Հիւրընկալ Դաշտին Անունը

Մէջբերելով «Պի. Պի. Սի.»-ի հրապարակած մէկ լուրը` հայկական ArmSport.am լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը այս տարի պիտի հիւրընկալէ Քարտիֆ քաղաքը:

Անիկա տեղի պիտի ունենայ 12 օգոստոսին` «Քարտիֆ Սիթի» մարզադաշտին վրայ:

Նշենք, որ 2013-ին այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES