Նամակ Շնորհաւորանքի

Torossian_Dr.ArmenianՍիրելի՛ Յարութիւն Արմէնեան,

Ի խորոց սրտի կը շնորհաւորեմ ջրանկարներու երկրորդ ցուցահանդէսդ Պէյրութի մէջ եւ կ՛ուզեմ քանի մը խօսք ըսել անոնց մասին:

Ուրախ եմ մանաւա՛նդ, որ գործերդ կը բխին մաքուր եւ զգայուն սրտէ մը, ուր կայ սէր բնութեան եւ զայն շրջապատող էակներուն հանդէպ:

Ներկայիս, «ժամանակակից» կոչեցեալ արուեստի մէջ տիրապետող ապսիւրտի` ունայնութեան գաղափարներուն դիմաց, բարեբախտաբար, կան քեզի պէս մարդիկ, որոնք անաղարտ պահած են իրենց մարդկայնութիւնը եւ կը հաւատան բնութեան հրաշալիքներուն, կը հաւատան մարդո՛ւն, անոր բարոյական արժէքներուն եւ իրենց սիրտը լայն բացած են լոյսին, գեղեցկութեան: Մէկ խօսքով պլազէ(*) չեն:

Անցեալ տարուան ցուցահանդէսիդ կային այնպիսի գործեր` լուսաթաթաւ եւ առինքնող, որոնք ոչ միայն անակնկալի բերին զիս, իրենց նկարչական արժանիքներով, այլ մանաւա՛նդ ուրախացուցին:

Շատ մը արհեստավարժ եւ հանրայայտ նկարիչներ սիրով պիտի ուզէին իրենց անունը ստորագրել նման գործերու տակ:

Վստահ կրնաս ըլլալ, որ հաղորդել ուզած զգացումներդ, ապրումներդ, քնարական զեղումներդ լի ու լի արտայայտուած էին:

Սիրելի՛ս, ուրիշ ոչ մէկ մաղթանք եւ ըսելիք ունիմ քեզի, բացի մաղթելէ, որ շարունակես ստեղծագործել, այնպէս` ինչպէս սկսած ես ջրանկարել: Թող հոսի ու կարկաչէ այդ վճիտ ու սառնորակ աղբիւրը, որ կը բխի բիւրեղեայ սրտէդ:

Սիրով քուկդ`
Յարութիւն Թորոսեան

Պուրճ Համուտ
16 փետրուար 2014

————————————

(*) Blasé
Պլազէ բառը ֆրանսերէն, լաւագոյնս կ՛արտայայտէ բթացածի իմաստը, յատկապէս կը գործածուի այս պարագային:

Share this Article
CATEGORIES