«Կեանքը Ջրանկարներու Հետ»

Մ. Ծ.

Dr.-Haroutioun-Armenian(Movses)Ջրաներկը` իբրեւ ջուրի լուծոյթներով պատրաստուած ներկ, գոյութիւն ունի նախնադարեան քարայրային ժամանակներէն ի վեր: Ան իր զարգացումն ու տարածումը ունեցաւ հին աշխարհի որմնանկարչութեան մէջ, ի մասնաւորի հին եգիպտական որմնանկարչութեան պարագային: Սակայն, իբրեւ երանգներու թեթեւութեամբ, հեռանկարչական օդայնութեամբ եւ մանաւա՛նդ թափանցիկութեամբ օժտուած ներկատեսակ, ջրաներկը սկսաւ կիրարկուիլ ԺԵ. դարու սկիզբներուն: Շնորհիւ իր յիշեալ յատկանիշներուն` ջրաներկը իւղաներկէն կը տարբերի առաւել կենսունակութեամբ ու նրբագեղութեամբ: Սակայն եթէ իւղաներկը հեշտութեամբ կ՛ենթարկուի գեղանկարիչի ստեղծագործական քմայքներուն, ապա ջրաներկը քմայքոտ է ու դժուարահաճ: Գեղանկարիչը ոչ միայն պէտք է որ լաւապէս տիրապետէ անոր արհեստագիտութեան, այլեւ վարուիլ ու նոյնիսկ «խօսիլ» պէտք է գիտնայ ջրաներկին հետ` կարենալ ենթարկելու եւ կամ «խօսեցնելու» համար զայն: Այս առումով ջրանկարիչը սխալելու իրաւունք չունի, որովհետեւ չի կրնար սրբագրել իր ստեղծագործութիւնը իւղանկարիչին նման: Այս պատճառով գեղանկարիչներէն քիչեր միայն կը ստեղծագործեն ջրաներկով եւ այդ քիչերուն քիչերը միայն կը յաջողին տիրապետել անոր արհեստագիտութեան ու հասնիլ ենթագիտակցական «օթոմաթիզմի» արտայայտչականութեան:

Լիբանանի պարագային, ջրանկարչութիւնը բաւականին տարածուած եղած է յատկապէս երէց սերունդին մօտ, ինչպէս` Օմար Օնսի, Մուսթաֆա Ֆարրուխ, Միշէլ Միր, Ժորժ Սիր եւ այլն: Յաջորդ սերունդէն անոնց աւանդը յաջողութեամբ շարունակեցին Փոլ Կիրակոսեան, Ամին Պաշա, Ժան Խալիֆէ, Հասան Ժունի եւ մանաւա՛նդ Թորոս Տէր Յակոբեան եւ ուրիշներ: Յիշեալներէն բոլորն ալ (բացի Թորոս Տէր Յակոբեանէն) իբրեւ արտայայտման միջոց` իւղաներկը նախընտրած են: Միայն մէկ գեղանկարիչ յայտնի է մեզի, որ ջրանկարչութիւնը ընտրած է իբրեւ մասնագիտութիւն եւ միայն ջրաներկով կ՛արտայայտուի: Այդ մէկը տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանն է, որուն երրորդ պատկերագիրքի` «Life with watercolors» («Կեանքը ջրանկարներու հետ») հատորի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ այսօր չորեքշաբթի, 19 փետրուար, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ «Ն՛ոազ Արք» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի լրագրողներու համադաշնակցութեան նախագահ` Էլիաս Աունի:

Տոքթ. Արմէնեան 1976-ին իբրեւ բժշկագիտութեան դասախօս եւ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով երբ հարկադրաբար բնակութիւն կը հաստատէ Էյ. Եու. Պի. համալսարանի տարածքներէն ներս, պարապ ժամերուն կը սկսի ջրաներկով զբաղիլ` հիմք ունենալով Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ իր ստացած ջրանկարչական դասընթացքները: Նախ կը պատկերէ իր ծովահայեաց պատշգամէն դիտուած մայրամուտերը, եւ ապա` համալսարանի անտառապատ բակի գեղեցիկ անկիւնները: Ժամանակի ընթացքին այդ ստեղծագործական «զբաղմունքը» կը վերածուի ստեղծագործական կիրքի, յատկապէս այն պահէն ետք, երբ Էյ. Եու. Պի.ի այլ դասախօս մը` տոքթ. Սամի Թապեթ իր օգտաշատ մասնագիտական խորհուրդներով կը քաջալերէ զինք: Այսօր տոքթ. Արմէնեանի կեանքին մաս կը կազմէ ջրանկարչութիւնը` իբրեւ երկրորդ մասնագիտութիւն: Մասնագիտութիւն մը, որուն մէջ ոչ միայն խորացած է արհեստագիտօրէն, այլ հոգեհարազատ ու բնազդային սէր կը տածէ անոր հանդէպ: Եթէ այդ բացառիկ սէրն ու նուիրումը չըլլար, ան դժուար թէ կարենար հասնիլ ենթագիտակցական «օթոմաթիզմի» վիճակին, ուր իր միտքը, մարմինն ու հոգին ներդաշնակօրէն կը գործեն կարենալ բացայայտելու եւ դրսեւորելու համար այն բոլոր գեղեցկութիւնները, որոնք ժամանակի ընթացքին կուտակուած են ներսը ու լիցքաւորած ու լուսաւորած ներաշխարհն ու հոգին:

Այո՛, տոքթ. Արմէնեան բանաստեղծ մըն է, երգիչ մը, եթէ կ՛ուզէք, որ նուրբ ու ճկուն վրձնահարուածներով գիտէ ապրիլ ու ապրեցնել, խօսիլ ու խօսեցնել գիծն ու երանգը:

Կիսավերացականութենէ դէպի վերացականութիւն անոր ձգտումը, ներքին մաքրութենէ ծնած տե՛նչն է բիւրեղացման, ուր պահը կը դրսեւորուի իբրեւ ջրանկարչութեամբ ծնած կեանքի մասնիկ:

 

Share this Article
CATEGORIES