Դէպի 100-ամեակ` Առաջնահերթութեան Կարգով. Նամակ Յարգարժան Հայրենակիցներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Մարմինին
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ազգային պարտաւորութեան գիտակից` ստանձնած էք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին իրագործելի ձեռնարկներուն, պաշտօնական հանդիսութիւններուն, հանդիպումներուն, բերանացի թէ գրաւոր ու բանաւոր արտայայտութիւնները ձեւակերպելու նուիրական աշխատանքները: Արդէն սկսած էք ձեւաւորել այս կապակցութեամբ ձեր նախագիծը: Վստահ ենք ձեր նախանձախնդրութեան, թէ` կարելին եւ անկարելին իրագործելու պատրաստակամութեամբ նկատի առած էք մեր գաղութային թէ համահայկական կարելիութիւնները, համահայկական ներդրումով յարգելու յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Ձեր ծրագիրներուն մէջ արդեօք նկատի առա՞ծ էք մեր երիտասարդութեան հարցերը, տագնապը, մասնաւորաբար` ընտանիք կազմելու: Ըսել կ՛ուզենք` յոյժ, կենսական է մտածել մեր թիւի աճման մասին. մեր թիւը նահանջ կ՛արձանագրէ փոխանակ բազմանալու: Պատճառները բազմաթիւ են: Մեր երիտասարդները չեն կրնար ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել ամէն բանէ առաջ բնակարանային տագնապին պատճառով: Գաղտնիք չէ ասիկա, բոլորին ծանօթ է, թէ նոյնիսկ սենեակ մը ունենալու գինը որքան է մեր երկրին մէջ, ուր արդէն տնտեսական տագնապը, անգործութիւնը քառասմբակ կ՛արշաւեն:
Ազգի մը թիւը շատ կարեւոր է, իսկ մենք սփռուած աշխարհով, կը տարուինք (ուզենք թէ չուզենք) տեղական պայմաններով, կը մերուինք եւ հետզհետէ կը մոռնանք, թէ հայ ենք: Օտար խառն ամուսնութիւններ, օտարազգի դպրոցներու սիրահարած հայ ծնողք, թմրամոլութեան եւ միասեռականութեան ախտով տառապող հայորդիներ կը հարուածեն մեր ինքնութիւնը, կը խոցեն մեր արմատները, օտար բարքերու հետեւողները կը մոռնան մեր պատմութիւնը, մեր աւանդութիւնները, մեր լինելութեան պահանջը, հետեւաբար…
Ձերդ պատկառելի Մարմինէն կը պահանջենք խոնարհաբար, որ ձեր ընդհանուր ծրագիրին առաջին բաժինը ըլլայ`
100 Պսակ-ամուսնութեան
100 Նորածինի Մկրտութիւն` անվճար:
Մեր նահատակներուն հոգիները պիտի հրճուին, եթէ իրագործէք այս անյետաձգելի ծրագիրը:
Գիտենք, որ միայն լիբանանահայ գաղութին վրայ չենք կրնար յենուլ, համագաղութային ձեռնարկ նկատեցէք ասիկա: Ազգին պարտաւորութիւնն է ձեւով մը օգտակար ըլլալ իւրաքանչիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիի, որ չունի նիւթական նեցուկ` ընտանեկան-ծնողական ժառանգութեան իմաստով, որպէսզի մեր ազգին թիւը բազմանայ եւ հայակերտ մթնոլորտով օժտուած ընտանիքներ կազմուին: Դժբախտաբար մեր ունեւոր դասակարգն է ընդհանրապէս (բացառութիւնները յարգելի են անշուշտ), որ շուտով կը հեռանայ մեր հայկական կեանքէն, օտարին մշակոյթը եւ բարքերը կը գնահատէ, կ՛իւրացնէ տգիտաբար, որովհետեւ չի գիտեր կամ չ՛ուզեր գիտնալ հայկական իւրայատուկ մշակութային հարստութեան մասին, մեր գանձերը կ՛անտեսէ` հարուածելով, տկարացնելով մեր դպրոցները, մեր բարոյական վսեմութիւնը, մեր ընտանեկան առհաւական ժառանգութիւնը:
Մեր խնդրանքը անձնական համոզում չէ միայն, այլ խնդրանքն է նաեւ բազմաթիւ հայ ընտանիքներու, մասնաւորաբար համեստ դասակարգին, որուն մեծագոյն մտահոգութիւնն է մեր երիտասարդներուն ծերանալը` առանց ընտանիք կազմելու, առանց ազգին թիւը աճեցնելու սիրասուն զաւակներով:
Յարգարժան հայորդինե՛ր, ազգի մը աճումին համար թիւը կարեւոր է, քանակէն կը յառաջանայ որակ: Հետեւաբար օրինակ առնենք Եղեռնէն ճողոպրած մեր սերունդէն, որ աղքատիկ պայմաններու մէջ ընտանիք կազմեց, 4-5 զաւակ ծնաւ եւ ամուսնացուց, նկատի չառաւ նեղ պայմանները, հաւատաց նախախնամութեան եւ օգտակար դարձաւ հայօրէն ապրելու ազգային մեր կեանքին:
Մեր նահատակները պիտի օրհնեն ձե՛զ, երբ կատարէք իրենց բաղձանքը, որպէսզի զուր տեղ նահատակուած չըլլան:
Այլազան նախաձեռնութիւններ ունիք օրակարգի վրայ կամ պիտի ունենաք: Առաջնահերթութեան կարգով օրակարգին առաջինը պէտք է արձանագրուի` 100 պսակ, 100 մկրտութիւն:
Ըսենք նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի դարադարձի յիշատակին առիթով մեր ունեւոր դասակարգը քիչ մը զոհողութիւն ընէ, օտար երկիրներու մէջ զբօսաշրջութեան համար մեծ գումարներ չյատկացնէ, զանց ընէ «Նաւային շրջապտոյտները», փոխարէնը անգամուան մը համար այդ ծախսերը տրամադրէ մեր նշած ծրագրին յաջողութեան: Մեր պահանջը անկարելի չէ. ուր կամք, հոն կեանք:
(Խնդրանքովը բազմաթիւ մայրերու եւ երիտասարդներու)
17 փետրուար 2014

