Կեդրոնականցի Արմենակ Պիտի Յուսահատի՞

Արմենակին հետ կիրակնօրեայ հանդիպումները այլեւս պատմութեան էջ են: Որոշած է, անտիրութեան հետեւանք խայտառակութիւններէն ետք, Փարիզի եկեղեցին չերթալ: Եկեղեցիի դէմի սրճարանի կիրակնօրեայ հիւրերը պիտի չըլլան, պիտի շեշտուի տնտեսական տագնապը: Կիրակի օրերը թերեւս կը փակեն:

Էլպիս եւ Արմենակ Հայաստանէն վերադարձան Նոր տարիէն ետք: Ամառնային զբօսաշրջիկ չըլլալու համար դեկտեմբերին գացեր էին: Այցելութեան եկան: Բերին փեթակով մեղր, ապուխտ, երշիկ, թթի օղի, կրկնեցին` ինչ որ իրենց ըսած էին, թէ ան ազդու դեղ էր:

– Քեզի գիրքեր ալ բերած եմ, Մակա՛ր: Ինչ որ գտայ: Գրախանութ գացինք, աւելի քան ժամ մը մնացինք: Վաճառորդուհիին հետ առանձին էինք: Այդ ընթացքին ոչ իսկ մէկ հոգի շուարելով` ներս մտաւ: Գէթ տաքնալու համար, քանի որ դուրսը ցուրտ էր:

– Պիտի դադրի՞ս զարմանալէ: Հայը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հայերէն գիրքին քէն ըրած է: Ինքնախաբէութեան կատակ է ասդին-անդին մշակոյթ պոռալ: Բարեսէրներ եւ «տուրիստ» հայրենասէրներ աւեր գործեցին: Այս տնաքանդ ճշմարտութիւնը չեն ըսեր աշխարհի բոլոր լեզուներով խօսուած ճառերը:

– Բերի երիտասարդ գրողի մը ինքնատիպ գործը: Ան ասէ-կոսէէն անդին կը մտածէ, կը հրաւիրէ մտածելու, խորովածով, «արաղ»-ով եւ արժեմ-չարժեմով չի յուզեր: Կարդա՛ գիրքին ետեւը ըսուածը. «Տպաքանակ` 500»: Մի՛ տրտնջար, որ սփիւռքի մէջ գիրք չի ծախուիր: Գրատուն կը փակեն: Անգրատուն աղմկարար համայնքներ կան: Անհոգի…

– Արմենա՛կ, մի՛ նեղանար: Մեծ հայրիկի պատկեր յիշելու պէս գիրք կը տպենք, գինեձօն կը կազմակերպենք, քանի մը հոգի ալ ճառի պէս բաներ մը կ’ըսեն: Մայրենի լեզուն ոգի ըլլալէ դադրեցաւ, մեր թերթերը եւ բեմերը սնափառութեամբ օտարալեզու դարձան, «բիզնես»-ն է գերագոյն արժէք, նաեւ կրկնութիւն` յիշատակի գիրքը: Գրական գիրքը վերջին մոհիկաններուն անարեւ մխիթարութիւնն է:

– Օր մը մէկը ըսաւ, որ` «գիրքը եղած է նուէր տրուելու համար», ուրիշ մըն ալ ըսաւ` «ինչո՞ւ տունը խճողել հայերէն գիրքերով»: Հայը երբ կը մեռնի, «ծագումով հայեր»-ը գիրքերը փողոց կը թափեն, աղբահաւաքն ալ կը տանի, ըսաւ Արմենակ:

Արմենակ կամաւոր կոյր չէ: Եթէ ըլլար, յարգելի կ’ըլլար, ճաշկերոյթներու կը նախագահէր, խորհրդաժողովներու կ’երթար, հիւանդ քաջալերողներ ալ կ’ըլլային:

Բերած էր Հրաչեայ Սարիբեկեանի գիրքը, «Երկուորեակների արեւը», գին` 3600 դրամ: Պերճ հիւրանոցի «տուրիստ»-ը եւ խորհրդաժողովի ամպագորգոռ աստղը ո՛չ այս գիրքը պիտի տեսնեն, ո՛չ ալ այդ 3600 դրամը պիտի տան:

Հայաստանը «պահող»-ները կը մտածե՞ն, որ 500 տպաքանակով գիրք տպել հայրենիքի մէջ` խոստովանութիւն մըն է, որուն անունը տալ կը նմանի ոգեկան հայրենալքում-արտագաղթի:

Երբեմն, կրկնութեան գնով, պէտք է հարց տալ. օդանաւին մէջ օդաչու կա՞յ:

 

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա, յամի Տեառն 2014,  29 յունուար

 

 

Share this Article
CATEGORIES