Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Ա. Դասակարգի Ակումբներ Ժողով

PROFOTO

PROFOTO

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոն – Ա. դասակարգի ակումբներ ժողովը տեղի ունեցաւ բաւական դրական մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն` ցարդ տարուած աշխատանքներուն եւ իրագործուելիք ծրագիրներուն մասին:

Նասսար կարեւորութեամբ նշեց այն կէտը, որ յաջողած են լաւագոյն լուծումը գտնել մրցումներուն ներկայութեան վերաբերեալ, եւ այս ծիրին մէջ կարգապահութիւնը ցարդ տիրական է:

Շարունակելով իր խօսքը` Նասսար ըսաւ, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան շուտով պիտի միանան բոլոր դասակարգերու տարիքային ախոյեանութեան մրցումներն ալ:

Ան մանրամասնօրէն ներկաներուն տեղեկացուց, թէ ինչպէ՛ս լուծուեցաւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու հարցը եւ թէ ինչո՛ւ պատկերասփռումի աշխատանքը վստահուեցաւ «Էլ. Պի. Սի.»-ին:

Վերջապէս ան ըսաւ, որ տեղական բոլոր պատկերասփիւռի կայաններուն առիթ տրուած է, որ եթէ կ՛ուզեն տեղական որեւէ մրցաշարքի կամ այլ ախոյեանութիւններու պատկերասփռումը ստանձնել, կրնան տեսակցիլ ֆետերասիոնին հետ` համաձայնութեան եզր մը գտնելու համար:

Աւարտին ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նասսարին` իրենց մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES