Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները մէկ ամսուան դադար մը պիտի առնեն` նկատի ունենալով, որ նախ Լիբանանի ազգային խումբը միջազգային մրցումներ ունի կատարելիք, իսկ երկրորդ` Նըժմէ եւ Սաֆա պիտի մասնակցին Ասիոյ 2014-ի բաժակի մրցաշարքին:

Մրցումները պիտի վերսկսին ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ին, 16-րդ հանգրուանի մրցումներով:

Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ուրբաթ, 21 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` Սատաքայի եւ Լիբանանեան բանակին միջեւ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:

Ահլի Սայտայի մարզիկներէն Ռամի Ֆաքիհ վեց ամիսով կախակայուեցաւ` ֆետերասիոնին հասցէին անարգական խօսքեր ըսած ըլլալուն համար:

Պար Էլիասի պատասխանատուներէն Պիլալ Մահմուտ մէկ տարիով կախակայուեցաւ վերոնշեալ պատճառով:

Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար մէկական մրցումով կախակայուեցան շարք մը մարզիկներ, որոնց կարգին` Սարգիս Ազնաւուր:

Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` մրցելով Ռասինկի դէմ: Վերջինս իր կատարած առաջին մրցումին 12-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Անսարէն:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 23 փետրուարին, պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Բ. խմբակին յայտագիրը հետեւեալ ձեւով պիտի ընթանայ:

ՇԱԲԱԹ, 22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ամալ Թրիփոլի – Շեքքա 14:15 Թրիփոլի
Շապապ Արապի – ՀՄՄ 14:15 Նըժմէ
 

ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ

   
Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի – ՀՄԸՄ 14:15 Սալամ Զղարթա

 

 

Share this Article
CATEGORIES