50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1964)
Լիբանանի Երեսփոխանական Ժողովը
Լուծուեցաւ
Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի Դահլիճը Հրաժարեցաւ –
Հիւսէյն Ուէյնի Հաւանաբար Կազմէ Նոր Դահլիճը
Ընտրութեանց Թուականները
Երէկ կէսօրէ առաջ զօրավար Ֆուատ Շեհապի Ժիւնիէի ապարանքին մէջ ժողով գումարելով` նախարարաց խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց երեսփոխանական ժողովի լուծումը: Լուծման հրամանագիրը, որ կը հիմնուի սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածին վրայ, անմիջապէս ստորագրուեցաւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ թուականներուն.
– Հիւսիսային Լիբանան` կիրակի, 5 ապրիլ
– Պեքաա` կիրակի, 12 ապրիլ
– Պէյրութ եւ Լեռնալիբանան` կիրակի, 26 ապրիլ
– Հարաւային Լիբանան` կիրակի, 3 մայիս
Լուծեալ խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի մէջ էր: Այս նստաշրջանը կը վերջանար փետրուար 22-ին: Ուստի, թէեւ խորհուրդի երէկուան որոշումը զարմանք չպատճառեց, բայց կը սպասուէր, որ լուծումը տեղի ունենար արտակարգ շրջանի լրումէն ետք:
Խորհրդարանի լուծումէն ետք վարչապետ Քարամէ իր դահլիճին հրաժարականը ներկայացուց զօրավար Շեհապի, որ ընդունեց:
Հանրապետութեան նախագահը հրաժարեալ կառավարութենէն խնդրեց վարել ընթացիկ գործերը` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
«Ընտրութիւններու դահլիճ»-ին կազմութեան համար ամէնէն աւելի հաւանական թեկնածուն կը թուի ըլլալ Հիւսէյն Ուէյնին: Այդ դահլիճին մաս պիտի կազմեն գլխաւորաբար այն անձնաւորութիւնները, որոնք վարած էին 1960-ի ընտրութիւնները: Այդ շրջանին դահլիճի անդամներն էին` Ահմետ Տաուք, Կապրիէլ Նահաս, Ֆիլիփ Թաքլա, Ֆուատ Նաժժար, Ամին Պէյհում, Էտմոն Կասփար, Ժորժ Նաքքաշ եւ Հասան Մեքտատ:
Ի՞նչ Կ՛ըսէ 55-րդ Յօդուածը
Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածը կը տրամադրէ.
«Հանրապետութեան նախագահը կրնայ, պատճառաբանեալ հրամանագրով, նախարարաց խորհուրդի հաւանութեամբ, լուծել երեսփոխանական ժողովը, անոր պաշտօնավարութեան շրջանին լրումէն առաջ:
«Այդ պարագային, ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան ըստ 25-րդ յօդուածին, ու նոր խորհրդարանը ժողովի կը կանչուի ընտրութիւններու արդիւնքին հրապարակումէն ետք մինչեւ 15 օր»:
Լուծման Երեք Պատճառները
Նախարարաց խորհուրդի երէկուան ժողովին վարչապետ Քարամէ խօսք առնելով` պարզեց այն պատճառները, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնէին երեսփոխանական ժողովին լուծումը եւ նոր ընտրութիւններու կազմակերպումը:
Այդ պատճառները կարելի է խտացնել հետեւեալ ձեւով.
– Լիբանան արդէն իսկ մխրճուած է ընտրապայքարի մթնոլորտին մէջ: Երկրին շահը կը պահանջէ փութացնել ընտրութիւնները, որպէսզի ներքին կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ բնականոն դառնայ:
– Միջազգային գետնի վրայ կարեւոր դէպքեր կրնան պատահիլ մայիսին, երբ պիտի վերջանան Յորդանան գետի շեղման աշխատանքները: Ուստի, նախընտրելի է, որ այդ թուականին, նոր խորհրդարանը ընտրուած ըլլայ, որպէսզի Լիբանան կարողանայ դիմակալել սպասուող դէպքերը: Եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենան մայիս-յունիսին, Լիբանան նեղ դրութեան մը կը մատնուի մերձարեւելեան փափուկ կացութեան մէջ:
– 1963-ի ընտրական ցանկերու օրինաւորութիւնը վերջ կը գտնէ մայիս 15-ին: Ուստի, անհրաժեշտ է այդ թուականէն առաջ ընտրութիւններ կատարել:
Հրաժարեալ Դահլիճի Պաշտօնավարութեան Շրջանը
Քարամէի դահլիճը, որ հրաժարեցաւ երէկ, երկարակեցութեան մրցանիշը կոտրեց Լիբանանի մէջ` 2 տարի, 3 ամիս եւ 19 օր մնալով իշխանութեան վրայ:
Անոր անդամներն էին` Ռաշիտ Քարամէ, Փիեռ Ժեմայէլ, Ֆիլիփ Թաքլա, Ռաֆիք Նաժա, Օսման Տանա, Ժան Ազիզ, Ռընէ Մուաուատ, Ֆիլիփ Պուլոս, Ֆուատ Պութրոս, Քամալ Ժոմպլաթ, Մեժիտ Արսլան, Քամել Ասատ, Ալի Պազզի եւ Ժոզեֆ Սքեֆ:
Այս դահլիճը կազմուած էր 31 հոկտեմբեր
1961-ին:

