Սննդագիտական. 5 Համոզիչ Պատճառներ` Հաւկիթ Ուտելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

eggs_18

 

 

 

 

 

 

 

Հաւկիթը սքանչելի սնունդ մըն է: Զայն պէտք է ամբողջութեամբ ուտել, քանի որ դեղնուցը կը հայթայթէ անոր պարունակած կիրին եւ երկաթին 90 առ հարիւրը, իսկ սպիտակուցը` բնասպիտներուն գրեթէ կէսը: Եթէ զանազան պատճառներով հաւկիթը զեղչած էք ձեր ճաշացուցակէն, ահաւասիկ 5 համոզիչ պատճառներ` հաւկիթ ուտելու համար:

1 Հաւկիթը հարուստ է կենսանիւթերով: Անիկա կը պարունակէ Պէ. 2 կենսանիւթը, որ մարմնին կ՛օգնէ ուտելիքները ուժանիւթի վերածելու, Պէ. 12 կենսանիւթը, որ հիմնական է կարմիր գնդիկներու արտադրութեան, Ա. կենսանիւթը, որ չափազանց օգտակար է տեսողութեան եւ Էօ. կենսանիւթը, որ կը պայքարի քաղցկեղ յառաջացնող մասնիկներու դէմ: Ա. եւ Պէ. 2 կենսանիւթերը մեծ դեր կը խաղան նաեւ մարմնի աճումին մէջ, հետեւաբար երեխաները պէտք չէ զրկել հաւկիթէն:

1
Հաւկիթը հարուստ է կենսանիւթերով: Անիկա կը պարունակէ Պէ. 2 կենսանիւթը, որ մարմնին կ՛օգնէ ուտելիքները ուժանիւթի վերածելու, Պէ. 12 կենսանիւթը, որ հիմնական է կարմիր գնդիկներու արտադրութեան, Ա. կենսանիւթը, որ չափազանց օգտակար է տեսողութեան եւ Էօ. կենսանիւթը, որ կը պայքարի քաղցկեղ յառաջացնող մասնիկներու դէմ:
Ա. եւ Պէ. 2 կենսանիւթերը մեծ դեր կը խաղան նաեւ մարմնի աճումին մէջ, հետեւաբար երեխաները պէտք չէ զրկել հաւկիթէն:

 

2 Հաւկիթը կ՛օգնէ, որպէսզի նիհարնաք: Որքան ալ զարմանալի թուի, իրականութիւն է: «Ռոչեսթըր սենթըր ֆոր օպեզիթի»-ի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, նախաճաշին հաւկիթ ուտելով (անշուշտ` ոչ տապկուած), կրնաք ամիսը 1,3 քիլօ կորսնցնել, քանի որ հաւկիթը կուշտ կը պահէ եւ օրուան մէջ յաճախակի ուտելու փափաքը կը զսպէ:

2
Հաւկիթը կ՛օգնէ, որպէսզի նիհարնաք: Որքան ալ զարմանալի թուի, իրականութիւն է: «Ռոչեսթըր սենթըր ֆոր օպեզիթի»-ի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, նախաճաշին հաւկիթ ուտելով (անշուշտ` ոչ տապկուած), կրնաք ամիսը 1,3 քիլօ կորսնցնել, քանի որ հաւկիթը կուշտ կը պահէ եւ օրուան մէջ յաճախակի ուտելու փափաքը կը զսպէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3

Հաւկիթը հարուստ է հանքայիններով: Անիկա կը պարունակէ` երկաթ, զինկ (լուսածին), որոնք կարեւոր են բոլորին, բայց մանաւանդ` դաշտանի օրերուն, երբ կիները աւելի յոգնած եւ դիւրագրգիռ կը դառնան: Թելադրելի է զայն ուտել առաւօտեան, թերխաշ վիճակով, կտոր մը հացի հետ:

Հաւկիթը նաեւ օլիկօ-էլեմաններ կը պարունակէ, ինչպէս` մանիշ (իոտ) եւ սելենիոմ:

 

5 Հաւկիթը կը պահպանէ յիշողութիւնը: Հաւկիթին դեղնուցին կարգ մը բաղադրիչները կ՛օգնեն, որպէսզի ուղեղը պահպանէ յիշողութեան իր կարողութիւնը: Հետեւաբար երեխաները չզրկէք հաւկիթէն: Վերջապէս նշենք, որ հաւկիթը գրեթէ շաքար չի պարունակեր, հետեւաբար յանձրարարելի է բոլոր անոնց, որոնք շաքարէն կը խուսափին:

5
Հաւկիթը կը պահպանէ յիշողութիւնը: Հաւկիթին դեղնուցին կարգ մը բաղադրիչները կ՛օգնեն, որպէսզի ուղեղը պահպանէ յիշողութեան իր կարողութիւնը: Հետեւաբար երեխաները չզրկէք հաւկիթէն:
Վերջապէս նշենք, որ հաւկիթը գրեթէ շաքար չի պարունակեր, հետեւաբար յանձրարարելի է բոլոր անոնց, որոնք շաքարէն կը խուսափին

4 Հաւկիթը կը կանխարգիլէ եւ կը պաշտպանէ ստինքի քաղցկեղէն: Հարվըրտ համալսարանին կողմէ 2003-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ արբունքի տարիներուն օրական 3 հաւկիթ ուտողը պաշտպանուած է չափահաս տարիքին ստինքի քաղցկեղ ունենալու հաւանականութենէն: 2005-ին գիտնականներ ապացուցած են, որ ստինքի քաղցկեղի հաւանականութիւնը 44 առ հարիւր նուազ է այն կիներուն մօտ, որոնք շաբաթական առնուազն 6 հաւկիթ կ՛ուտեն:

4
Հաւկիթը կը կանխարգիլէ եւ կը պաշտպանէ ստինքի քաղցկեղէն: Հարվըրտ համալսարանին կողմէ 2003-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ արբունքի տարիներուն օրական 3 հաւկիթ ուտողը պաշտպանուած է չափահաս տարիքին ստինքի քաղցկեղ ունենալու հաւանականութենէն: 2005-ին գիտնականներ ապացուցած են, որ ստինքի քաղցկեղի հաւանականութիւնը 44 առ հարիւր նուազ է այն կիներուն մօտ, որոնք շաբաթական առնուազն 6 հաւկիթ կ՛ուտեն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Փորձ Հարցարան

Գործնակա՞ն Էք

1

Երբ երկար ճամբորդութիւն մը կը կատարէք, ինչո՞վ կը նախընտրէք զբաղիլ:

ա.- ընթերցանութեամբ (1)
բ.- ոչինչով (3)
գ.- զրուցելով (7)

2

Ի՞նչն է ձեզի համար կարեւորը` մարդոց հետ լաւ յարաբերութիւննե՞րը, թէ՞ ինքնադրսեւորումները:

ա.- առաջինը (7)
բ.- երկրորդը (1)
գ.- երկուքն ալ (6)

3

Պիտի ուզէի՞ք թերթի մը մէջ մշակութային թղթակիցի պաշտօնը վարել:

ա.- վստահ չէք (2)
բ.- ոչ (7)
գ.- ձեր երազն է (4)

4

Կրնա՞ք դէմքի արտայայտութենէն ենթադրել, թէ ինչի՞ մասին կը մտածէ ձեր զրուցակիցը:

ա.- երբեք (1)
բ.- երբեմն (3)
գ.- անշուշտ (7)

5

Ձեր բարեկամուհին ընթրիքի հրաւիրած էք եւ ահա ձեր ճաշը կ՛այրի…

ա.- տակաւին կանուխ է, կրկին նոր մը կը պատրաստէք (3)
բ.- կը մտածէք դուրսէն ապսպրանք մը ընել (1)
գ.- խոհագիրի գիրքը կը բանաք եւ նոր խոհագիր մը կը փնտռէք (5)

6

Ձեզ առաւելաբար կը հետաքրքրեն հոգեւո՞ր, թէ՞ նիւթական արժէքները:

ա.- դժուար է որոշել (3)
բ.- հոգեւոր (6)
գ.- նիւթական (2)

7

Եթէ ձեր զաւկին նուէր մը պիտի գնէք, կ՛ընտրէք`

ա.- հետաքրքրական գիրք մը (7)
բ.- երգահանդէսի տոմս մը (4)
գ.- հագուելիք մը, որուն պէտք ունի (1)

8

Անակնկալօրէն տեղատարափ անձրեւի կը բռնուիք`

ա.- պատշգամի մը տակ կը պատսպարուիք` սպասելով, որ անձրեւը դադրի (4)
բ.- ձեր բախտը անիծելով` կը շարունակէք ձեր ճամբան (6)
գ.- մօտակայ սրճարանը կը մտնէք եւ գաւաթ մը սուրճ կ՛ապսպրէք` դուք ձեզի հաճելի դադար մը արժանի տեսնելով (1)

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ առաւելագոյնը 10 կէտ հաւաքեցիք, դուք իրատես էք, ձեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէք կարեւոր գործերու վրայ, շատ բարեխիղճ էք, բայց ցաւօք երեւակայութիւն, երազներ եւ յուզումներ կը պակսին ձեր մօտ: Կեանքի մէջ առաջնահերթութիւնը կու տաք գործնականին եւ հոգեւոր արժէքներէն շատ հեռու էք:

***

Եթէ 10-15 կէտ հաւաքեցիք, շատ լաւ գիտէք, որ աշխարհը կատարեալ չէ, բայց դուք յաճախ ամպերուն մէջ սաւառնելով` կ՛երազէք եւ կը յուսաք, որ վաղը ամէն ինչ դէպի լաւը կը փոխուի: Այսուհանդերձ, ձեր ամէնօրեայ գործերը չէք անտեսեր եւ քիչ թէ շատ ձեր ոտքերը գետնին վրայ են:

***

Եթէ 15 կէտէն աւելի հաւաքեցիք, ձեզի համար ձեր ներքին աշխարհը կը գերադասէք ձեզ շրջապատող իրականութենէն: Երազող անձ էք, ստեղծագործական ունակութիւններ ունիք, բայց միշտ չէք յաջողիր զանոնք իրագործելու: Կեանքէն ձեր կտրուածութիւնը կը բարդացնէ մարդոց հետ ձեր յարաբերութիւնները:

 

Ձեռային Աշխատանք

Խոհանոցի Զարդ

1011226_262393247263256_1534847615_nՊատէն կախուող խոհանոցի այս զարդերը պատրաստելու համար պէտք ունիք`

3 հատ խոհանոցի աշխատանքի տախտակի
3 հատ բամպակեայ անձեռոցի
Անձեռոցներուն համապատասխան երիզի
Կցիչի (ակրաֆէօզ)
Խէժի

Աշխատանքի տախտակներուն համապատասխան ձեւաւորեցէք եւ կտրեցէք անձեռոցները, ապա խոշոր կցիչի միջոցով հաստատեցէք տախտակներուն վրայ` վերի նեղ բերանը բաց ձգելով:

Առէք համապատասխան երիզները եւ անձեռոցներուն երեք կողմերուն ծայրամասերուն հաստատեցէք ամուր խէժի միջոցով եւ կամ` ասեղ-դերձանով:

Աշխատանքի տախտակները պատին վրայ հաստատեցէք` սիրուն կախիչներ օգտագործելով: Կարելի է զարդերուն մէջ զետեղել դգալներ կամ խոհանոցի հետ կապուած որեւէ իր:

 

Խոհագիր

Փուռը Եփած Ձուածեղ

150Ձուածեղը դիւրին եւ արագ պատրաստուող, սննդարար եւ աժան ուտելիք մըն է: Զայն կարելի է ճաշակել առաւօտեան, կէսօրին թէ ընթրիքին: Կան ձուածեղի հարիւրաւոր տեսակներ, ֆրանսացիք զայն կ՛եփեն տապակի մէջ, յատակը լաւապէս կարմրելէ ետք անոր երեսը պանիր, սունկ, կանաչ պղպեղ կամ որեւէ այլ բան դնելով` երկուքի կը ծալեն եւ կիսալուսինի ձեւով կը փոխադրեն ամանի մը մէջ: Անիկա պէտք է դուրսէն կարմրած, մէջէն քիչ մը կակուղ, հիւթեղ ըլլայ:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնեն փուռը եփած ձուածեղի դիւրին պատրաստութիւն մը` իւրայատուկ զարդարանքով:

Բաղադրութիւն 3 անձի համար

6 հաւկիթ
2 ապուրի դգալ ջուր կամ հեղուկ կաթ
1 կաթիլ մը կիտրոնի հիւթ
80 կրամ տաշուած պանիր, նախընտրաբար` կրիւյէր
20 կրամ կարագ (կարելի է փոխարինել ձէթով)
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով: Երկու տարբեր ամաններու մէջ բաժնել հաւկիթներուն դեղնուցներն ու ճերմկուցները: Դեղնուցներ «զարնել» մինչեւ որ փրփրին, աւելցնել աղը, սեւ համեմը, ջուրը (կամ կաթը), կիտրոնի հիւթը եւ դարձեալ զարնել, վերջապէս աւելցնել տաշուած կրիւյէրը եւ խառնել:

Զարնել հաւկիթներուն ճերմկուցները պտղունց մը աղ աւելցնելով, ապա` քիչ-քիչ աւելցնել «զարնուած» դեղնուցները:

Փուռի կլոր ափսէի մը մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել զարնուած հաւկիթները եւ 2-3 վայրկեան եփել, մինչեւ որ յատակը կարմրելու սկսի, ապա փուռ փոխադրել եւ 10-էն 12 վայրկեան եփել փուռին մէջ:

Եփած ձուածեղը փոխադրել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ. երեսը զարդարելու համար օգտագործեցէք մանր, կիսուած լոլիկներ եւ անանուխի կամ ռեհանի ձողիկներ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նկարեցի լեռներ
Ու լեռներին կակաչ,
Եւ գագաթներ ձիւնէ,
Աղբիւրների կարկաչ.
Հայրս նայեց երկար
Ու գլուխը կախեց.
– Թթի ծառը չկայ,
Սա ի՞նչ Ղարաբաղ է:

Նկարեցի արտեր
Ու հնձաններ հուռթի,
Հազարագոյն վարդեր,
Հրաշք ծառը թթի.
Մայրս նայեց դժկամ
Ու ժպիտը պաղ էր.
– Մռաւ սարը չկայ,
Սա ի՞նչ Ղարաբաղ է:

Նկարեցի Մռաւ`
Արեւն ուսին թիկնած,
Նկարեցի Քիրսը`
Այգաբացից շիկնած.
Հօրեղբայրս եկաւ
Նայեց, աչքում ծաղր էր.
– Մեր թարթառը չկայ,
Սա ի՞նչ Ղարաբաղ է:

Ես հասկացայ մի բան,
Ղարաբաղ իմ անգին,
Փոքր ես դու, սակայն
Մե՜ծ է, մեծ քո ոգին.
Որ մաճառդ մնայ
Ազնիւ գինու մաճառ,
Արծիւներդ` արծիւ,
Տաճարներդ` տաճար.
Օ՜, տուր ինձ` նուաստիս,
Ռաֆայէլի վրձին
Ու Սարեանի հանճար:

ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )