«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. Զուիցերիոյ Կողմէ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի Վճիռն Ու Բողոքարկման Կարելիութիւնը

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

DSC00402Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, փետրուարին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սկսաւ սփռուիլ «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարը, որուն նպատակն է հարցազրոյցներու ճամբով անդրադառնալ Հայ դատին առնչուող վերջին զարգացումներուն, այդ գծով տարուող աշխատանքներուն, Հայ դատի մարմիններու գործունէութեան եւ ազգային ժամանակակից պայքարին:

Յայտագիրը «Վանայ ձայն»-էն կը սփռուի ամէն երեքշաբթի, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին:

Նկատի ունենալով հարցազրոյցներուն ընթացքին քննարկուած նիւթերուն այժմէականութիւնն ու շահեկանութիւնը` «Ազդակ»-ի էջերով պիտի ներկայացնենք հարցազրոյցները:

Հաղորդաշարին առաջին յայտագիրը սփռուեցաւ 4 փետրուարին, հիւրն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը:

Առաջին յայտագիրին նիւթը կը վերաբերէր Փերինչեքի դատավարութեան, որ տեղի ունեցած էր մարտ 2007-ին, Լոզանի ոստիկանական ատեանին մէջ, Զուիցերիա, ուր Փերինչեքը ամբաստանուած էր Հայոց ցեղասպանութիւն ժխտած ըլլալուն համար:

Փերինչեք մաս կը կազմէ Թուրքիոյ Աշխատաւորներու կուսակցութեան  եւ նաեւ իրաւաբանութեան դասախօս է եւ 2005 թուականին Զուիցերիոյ մէջ տարբեր դասախօսութիւններու ընթացքին հրապարակաւ ժխտած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ կատարուած ցեղասպանութիւնը` զայն որակելով միջազգային սուտ:

17 դեկտեմբեր 2013-ին, այսինքն երկու ամիս առաջ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանը արձակեց վճիռ մը` ընդառաջելով Փերինչեքի պահանջներուն եւ դատապարտելով Զուիցերիոյ որոշումը:

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս այս հարցը զարգացած է եւ ինչպէ՞ս Լոզանի ոստիկանական ատեանէն հասած է մինչեւ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեան:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Հարցը ընթացք կ՛առնէ 25 յուլիս 2005-ին, երբ Տողու Փերինչեք Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ  խորհրդաժողովի մը ընթացքին կը յայտարարէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը  միջազգային սուտ մըն է, եւ Զուիցերիա-Հայաստան կազմակերպութիւնը դատ կը բանայ Տողու Փերինչեքին դէմ` մեկնելով Զուիցերիոյ 1994-ին որդեգրուած այն օրէնքէն, որ կը կոչուի ցեղային խտրականութեան մասին օրէնք:

Օրէնքը հետեւեալն է. «Ոեւէ մէկը, որ հրապարակաւ, բերանացի, գրաւոր, նկարներու, ձեռքի կամ դէմքի շարժումներով, բռնարարքներով եւ որեւէ այլ ձեւով անհատ մը կամ խումբ մը անհատներ իրենց ցեղային, ցեղագրական ծագումին կամ կրօնին պատճառով կը նուաստացնէ կամ անոնց դէմ խտրականութիւն կը կատարէ այնպիսի ձեւով մը, որ կ՛ոտնահարէ մարդկային արժանապատուութիւնը կամ նշեալ հիմերով կը ժխտէ, դիտաւորեալ ձեւով կը մեղմացնէ կամ կը ջանայ արդարացնել ցեղասպանութիւն մը կամ մարդկութեան դէմ այլ ոճիրներ, մինչեւ երեք տարի բանտարկութեամբ կամ տուգանքով պիտի պատժուի»:

Փերինչեքի պարագային հարցը շատ աւելի լուրջ էր այն պատճառով, որ ան այդ յայտարարութիւնը կը կատարէր Լոզանի մէջ: Ինչպէս գիտէք, Զուիցերիան քանթոններու բաժնուած է. քանթոններ կան, ուր գերմաներէն կը խօսին, քանթոններ` ֆրանսերէն, իսկ ուրիշներ` իտալերէն: Ֆրանսախօսող երկու քանթոններ` Ժընեւի եւ Վոյի քանթոնները, որուն մայրաքաղաքն է Լոզանը, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են: Վոյի քանթոնի դատարանը, Զուիցերիա-Հայաստան կազմակերպութեան բողոքին հիմամբ, 9 մարտ 2007-ին Տողու Փերինչեքը դատապարտեց այս օրէնքին հիմամբ, եւ զայն 12 հազար զուիցերիական ֆրանքի տուգանքի ենթարկեց. այստեղ հետաքրքրականը այն է, որ դատավարութեան ընթացքին Տողու Փերինչեք կրկնեց իր ժխտողական արտայայտութիւնը, երբ ըսաւ, որ ինք Ցեղասպանութիւնը չէ ժխտած, որովհետեւ ցեղասպանութիւն չէ եղած, ինչ որ ձեւով մը յանցանքի խոստովանութիւն էր:

9 մարտ 2007-ին Տողու Փերինչեքը վճիռը բողոքարկեց Զուիցերիոյ դաշնակցային դատարանին մօտ: Դատարանը հարցը բաւական քննարկելէ ետք, 12 դեկտեմբեր 2007-ին վերահաստատեց այս վճիռը, որմէ ետք ճարահատ Փերինչեք 10 յունիս 2008-ին բողոք ներկայացուց Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին: Այստեղ եւս հետաքրքրական կէտ մը գոյութիւն ունի. այս բողոքարկումին մասնակից դարձաւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ իբրեւ երրորդ կողմ` գրաւոր տեսակէտներ ներկայացուց: Ինչ որ առաջին պահէն իսկ յստակ դարձուց, որ այս անձնական հարցը պետական քաղաքականութեան կ՛առնչուի:

17 դեկտեմբեր 2013-ին, ինչպէս ըսինք, Եւրոպական դատարանը իր որոշումը կայացուց եւ յայտարարեց, որ Զուիցերիան ոտնահարած է Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը: Փերինչեք պահանջած էր նաեւ 140 հազար եւրոյի փոխհատուցում մը` բարոյական ու ելեւմտական վնասներու համար, ինչպէս նաեւ` դատարանային իր ծախսերուն համար: Ճիշդ է, որ դատարանը ըսաւ, թէ Զուիցերիան ոտնահարած է Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը, սակայն այս երկրորդ նիւթական պահանջը չբաւարարեց:

Հ.- Ինչպէս ըսիք, ուրեմն Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանը որոշ չափով իր հիմնաւորումները կեդրոնացուցած է խօսքի ազատութեան օրէնքին վրայ. այսինքն այս դատին կապակցութեամբ ատեանին եօթը դատաւորներէն հինգը իրենց վճիռի ժամանակ յօդուած թիւ 10-ի արդարացումով անարդար գտած են Զուիցերիոյ կեցուածքը եւ ամբաստանութիւնը, որոնք ուղղուած էին Փերինչեքի, որովհետեւ անոնք խօսքի ազատութեան կաշկանդում էին վճիռին մէջ կայացած հիմնաւորումներուն համաձայն: Այս պարագային ինչպէ՞ս կրնանք դէմ դնել ժխտողական քաղաքականութեան, երբ անընդհատ խօսքի ազատութեան օրէնքը պիտի խոչընդոտէ անոր ընթացքը:

Վ. Է.-  Առաջին` տրամաբանութիւնը այնպէս կ՛ըսէ, որ իմ անհատական իրաւունքներս կ՛աւարտին հոն, ուր քու իրաւունքներդ կը սկսին. այդ տրամաբանութեան կիրարկումն ալ կը տեսնենք քաղաքակրթուած երկիրներուն մէջ. օրինակ, որեւէ եւրոպական երկրի մէջ չես կրնար տանդ մէջ նստած` ձայնասփիւռը վերջին ծայր բանալ` պնդելով, որ «իրաւունք ունիմ ձայնասփիւռ մտիկ ընելու». դրացիներդ կը նեղանան, վայրկենական ոստիկանութեան կը բողոքեն` մեկնելով այն բանէն, որ իրենց տան մէջ հանգիստ ընելու իրենց իրաւունքները կ՛ոտնահարուին: Երկրորդ` խօսքի ազատութիւնը կը շահագործուի եւ իր սահմանումէն շեղում կ՛արձանագրէ: Պահ մը աչքէ անցընենք գրութիւնը մարդկային իրաւանց համաշխարհային հռչակագրի 19-րդ յօդուածին, որուն մէջ գոյութիւն ունի բաժին մը, որ հետեւեալը կ՛ըսէ. «… Խօսքի ազատութեան իրաւունքը իր մէջ կը պարունակէ յատուկ պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ, ուստի կրնայ որոշ սահմանափակումներու ենթակայ ըլլալ հարկ ըլլալու պարագային, յարգելու համար ուրիշներու իրաւունքներն ու վարկը կամ ազգային ապահովութեան հասարակական կարգ ու կանոնի հասարակական առողջութեան կամ բարոյական պաշտպանութեան համար»:

Ուրեմն այս բաժինէն յստակ կ՛երեւի, որ խօսքի ազատութիւն ըսուած իրաւունքը բացարձակ չէ եւ որոշ սահմանափակումներ ունի: Սակայն ներկայիս, որոշ չափազանցութիւններու, չարաշահումներու կ՛ենթարկուի: Այդ մէկը ոչ միայն այս դատավարութեան ընթացքին ի յայտ եկաւ, այլ առաջ ալ տեսանք, երբ, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթը Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներ լոյս ընծայեց, եւ երբ բողոքներ եղան, ըսուեցաւ, որ խօսքի ազատութիւն է: Ատկէ առաջ ալ Դանիոյ մէջ նոյնպիսի դէպք մը պատահեցաւ եւ դարձեալ փորձեցին իրենք զիրենք արդարացնել` ըսելով, որ խօսքի ազատութիւն է: Սակայն խօսքի ազատութեան բնագիրը յստակօրէն կը նշէ, որ այդ ազատութիւնը կը սահմանափակուի, երբ ուրիշին իրաւունքը կը սկսի, երբ քու խօսքդ ուրիշը կը վիրաւորէ եւ այլն:

Հ.- Այս գծով ի՞նչ կրնանք ըսել Ֆրանսայի ժխտականութեան քրէականացման օրէնքին մասին. այսինքն Փերինչեքի նիւթը ի՞նչ տեսակի հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

Վ. Է.- Այս հարցումը հետաքրքրական է, որովհետեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը իր այս վճիռը կայացնելու համար իբրեւ հիմնաւորում օգտագործեց Ֆրանսայի մէջ Սահմանադրական դատարանին այն վճիռը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական է եւ կը խախտէ խօսքի ազատութիւնը:

Ներկայիս, ինչպէս գիտէք, դարձեալ Ֆրանսայի մէջ նախագահի մակարդակով դարձեալ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այդ օրինագիծը դարձեալ ներկայացուի խորհրդարան, դարձեալ ներկայացուի ծերակոյտին, որպէսզի ի վերջոյ որդեգրուի: Բնականաբար, ինչպէս Եւրոպական դատարանը Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի վճիռը օգտագործեց իբրեւ իր արձակած վճիռին հիմնաւորումներէն մէկը, այս օրինագիծին ընդդիմացողները պիտի օգտագործեն եւրոպական ատեանին վճիռը եւ զայն կանխող Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վճիռը` ըսելու համար, որ այսպիսի օրէնք կարելի չէ որդեգրել. պարզապէս իրենց թեզերը պիտի ամրապնդուին, սակայն քուէարկութեան պատկերը կրնայ այլ ըլլալ:

Ֆրանսայի պարագային հետաքրքրական այլ բան մըն ալ կայ. Ֆրանսան, ինչպէս գիտէք, 13 յուլիս 1990-ին  որդեգրած է Կեսոյի օրէնքը, որ Ողջակիզումի ժխտումը կը քրէականացնէ: Ոեւէ մէկը, որ Ֆրանսայի մէջ Հրէական ողջակիզումը կը ժխտէ,  քրէական հետապնդումի կ՛ենթարկուի, բանտարկութիւն կայ, տուգանք կայ. սակայն այդ օրէնքին պարագային խօսքի ազատութեան նիւթը բնաւ չէ եղած եւ մինչեւ այսօր ալ չ՛ըլլար, հակառակ անոր որ Հայոց ցեղասպանութեան օրէնքի պարագային այդ վարկածը հրապարակ նետուած է:

Այստեղ գոյութիւն ունի երկակի չափանիշներու հարց մը, որ անյարիր է Ֆրանսայի Հանրապետութեան, որուն արժէքներն են` ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն: Եթէ իրապէս խօսքի ազատութեան հարց մը կայ, պէտք է այդ օրէնքը վերատեսութեան ենթարկել, իսկ եթէ այդպիսի հարց չկայ, այդ պարագային պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան հարցով եւս նոյն արժեչափերը կիրարկուին:

Հ.- Որքանո՞վ կարելի է վերագրել այս բոլորը` Փերինչեքի դատը եւ անշուշտ իր զարգացումները Թուրքիոյ բանեցուցած ճնշումներուն եւ նաեւ, ընդհանուր առմամբ, դիտել այս հարցը Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն կապերուն ընդմէջէն:

Վ. Է.- Ինչպէս գիտէք, Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն կապերը բաւական լարուած շրջանէ մը անցած էին, մանաւանդ` նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի օրերուն: Հիմա որ Ֆրանսա կը փորձէ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կարգաւորել, անշուշտ որ այդ քաղաքականութիւնը նկատի կ՛առնուի եւ, ընդհանուր առմամբ, ընդունուած անգիր օրէնք է, որ միջազգային դատարանները որոշ չափով քաղաքականացած կ՛ըլլան: Անոնք չեն նմանիր երկիրներու ներքին դատարաններուն, պարզ քրէական դատարաններուն: Ինչպէս արդէն նշեցի, Թուրքիան իբրեւ երրորդ կողմ ներկայացած է դատական հարցի մը մէջ, որ խորքին մէջ Փերինչեք-Զուիցերիա դատ մըն է: Այդ միջամտութիւնը ինքնին կը փաստէ, որ թրքական միջամտութիւն մը կայ, եւ արդէն իրենք ալ բացէ ի բաց այդ մէկը կը հաստատեն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մենք միջամտեցինք այս հարցին. այնպէս որ, այստեղ քաղաքականացուած հարց մը կայ: Նաեւ ասոր զուգահեռ, կայ այլ հարց մը եւս, որ թերեւս այս քաղաքականացումէն է, որ կը բխի։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը  խորքին մէջ Եւրոպական Միութեան իրաւական թեւն է եւ իր վճիռները կայացնելու համար պէտք էր հիմնուէր եւրոպական փորձառութեան վրայ եւ ոչ թէ ինչպէս որ իրենք կատարեցին` միջազգային փորձառութեան վրայ, եւ եթէ եւրոպական փորձառութեան նայէին, պիտի տեսնէին, որ Եւրոպայի մէջ 16 երկիրներ այսպիսի օրէնքներ ունին, որոնք Ողջակիզումը կամ ցեղային խտրականութիւնը, ցեղասպանութեան ժխտումը կ՛արգիլեն, այլ խօսքով` խօսքի ազատութիւնը կը սահմանափակեն:

Հ.- Ինչպէս նախապէս  այս հարցազրոյցի սկիզբը յիշեցիք` Զուիցերիա-Հայաստան կազմակերպութիւնն էր, որ 2005-ին ամբաստանած է Փերինչեքը` ներկայացնելով իր բողոքը: 2013-ի իրադարձութենէն մեկնելով` պէտք է նշենք, որ Պրիւքսէլի Հայ դատի գրասենեակը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը հանդիպումներ ունեցան Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ.  ձեր կարծիքով, ի՞նչ կը սպասուի այս առումով հայկական գաղութներէն կամ տարբեր տեսակի հայկական կազմակերպութիւններէն. այսինքն իրենց դերը ունի՞ն այս աշխատանքին մէջ կամ ինչպէ՞ս կրնան դէմ դնել թրքական ժխտողական քաղաքականութեան: Հոս կրնանք նաեւ անդրադառնալ ժամանակի կաշկանդումներուն: Ի՞նչ կրնանք ընել դեսպանի մը հետ տեսակցելէն աւելի:

Վ. Է.- Գիտէք, ճիշդ է, որ այս դատը Զուիցերիոյ եւ Փերինչեքի միջեւ է, սակայն տեղ  մը նաեւ մեզի կ՛առնչուի, որովհետեւ այն վարկածները եւ մեկնաբանութիւնները, որոնք դատարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տրուեցան, շատ վնասակար են մեզի համար, եւ մեր շահերէն կը բխի, որ այդ վճիռը վերատեսութեան ենթարկուի: Սակայն նկատի ունենալով, որ դատը անմիջականօրէն մեզի առնչուած չէ, այլ Փերինչեքի եւ Զուիցերիոյ պետութեան միջեւ է, Զուիցերիոյ պետութիւնն է, որ իրաւական իրաւունքը ունի այս վճիռը բողոքարկելու:

Ուրեմն մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը քաջալերել, մղել, որպէսզի այդ քայլը կատարէ եւ, ինչպէս դուք նշեցիք, արդէն Ֆրանսայի ու Պելճիքայի մէջ այդ քայլը առնուած է եւ պէտք է այլ գաղութներ նոյնպէս այդ երկու երկիրներու համայնքներէն օրինակ առնեն եւ բոլոր յարանուանութիւնները, բոլոր կուսակցութիւնները եւ բոլոր հատուածները ներկայացնող պատուիրակութեամբ մը ներկայանան իրենց երկրի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն, հանդիպում ունենան Զուիցերիոյ դեսպանին հետ` ներկայացնելով անոր դիմումնագիր մը,  որպէսզի Զուիցերիա բողոքարկէ եւ այդ իրաւական քայլը առնէ. իսկ ժամանակի առումով, ինչպէս կ՛ըսէիք, Զուիցերիա երեք ամսուան պայմանաժամ ունի. 17 դեկտեմբեր 2013-էն ի վեր երեք ամսուան պայմանաժամ ունի այս դատավճիռը բողոքարկելու, այլ խօսքով` մինչեւ մարտ 17-ը:

Հ.- Արդէն իսկ գրեթէ ամիս մը անցած է: Այնպէս որ, պէտք է աճապարել, որպէսզի զուիցերիական կառավարութիւնը տեսնէ, որ ասիկա համահայկական պահանջ մըն է, նաեւ` գաղութները իրենք համահայկական ձեւով ներկայանան, որպէսզի իրենց ձայնը աւելի լսելի դառնայ Զուիցերիոյ կառավարութեան մօտ:

Արդեօք դրական պատկերացում մը ունի՞ք այս հարցին աւարտին գծով. այսինքն կը սպասուի՞, որ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը կամ լիագումար նիստ, ինչպէս ըսինք, գումարուի եւ բողոքարկելու մեր պահանջը իսկապէս իրականութիւն դառնայ եւ կարենանք մենք ճնշում բանեցնել:

Վ. Է.- Այստեղ առաջին քայլը Զուիցերիոյ կայացնելիք որոշումն է. բողոքարկե՞լ, թէ՞ ոչ, որովհետեւ առանց ատոր անիմաստ է: Այստեղ Զուիցերիա եւս իր շահերը ունի. Զուիցերիան, ինչպէս գիտէք, չէզոք քաղաքականութեան կը հետեւի եւ ընդհանրապէս չի սիրեր վէճեր, վիճաբանութիւններ…

Հ.- Կը կարծէ՞ք, որ այդ կէտը ի վնաս մեզի ըլլայ:

Վ. Է.- Այո, սակայն նոյն ատեն վճիռը, որ կայացաւ, Զուիցերիոյ վարկին դէմ է եւ զայն կը ներկայացնէ իբրեւ մարդոց խօսքի ազատութիւնը ոտնահարող երկիր, ինչ որ բնաւ չեն ուզեր զուիցերիացիները: Նաեւ կայ այս հարցին ներզուիցերիական կողմը: Զուիցերիոյ մէջ այս օրէնքը յատուկ նպատակով որդեգրուած է, որովհետեւ այդ երկրին մէջ գոյութիւն ունին ներգաղթածներ` իսլամներ, ափրիկեցիներ, արաբներ եւ թուրքեր: Ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւն մը կայ, որ կը կոչուի Զուիցերիոյ ժողովուրդի կուսակցութիւն, որ կ՛ուզէ այս գաղթականները վտարել երկրէն: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն այս կուսակցութիւնը դիմում ներկայացնէ, աշխատանք տանի, որպէսզի զուիցերիական այդ օրէնքը բարեփոխումի ենթարկուի: Այնպէս որ, այն քաղաքական ուժերը, որոնք ընկերվարական կամ ազատական են, կը զօրակցին այս օրինագիծին եւ չեն ուզեր, որ փոխուի, այս պարագային մեր բնական դաշնակիցներն են:

 

Share this Article
CATEGORIES