Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Յաղթանակի
35-ր
դ Տարեդարձին Առիթով Տեղի Ունեցած Ձեռնարկներ

Թեհրան

hokehankisd06022014Փետրուար 6-ին Թեհրանի «Նոր բուրաստան» գերեզմանատան մէջ տեղի  ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ նահատակները ժողովուրդներու  կեանքին մէջ այն անձնաւորութիւններն են, որոնք իրենց արեան հեղումով նոր կեանք կու տան իրենց երկրին ու ժողովուրդին: Թեհրանի նահանգի քաղաքներու նահատակներու հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Թահերնեժատ իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նահատակութեան իմաստին: Իրանի Նահատակներու հիմնարկի ընկերային հարցերով տեղակալ Շարիաթի իր կարգին կարեւոր նկատեց երկրի հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու առումով նահատակներուն անժխտելի դերը:

Նոր Ջուղա

nor-chougha07022014* Փետրուար 7-ին Նոր Ջուղայի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան 35-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Սպահանի հայոց Թեմի խորհուրդին անունով Նոէլ Մինասեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան 35 տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի ունեցած դերակատարութեան եւ ներդրումին` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի զաւակները նոյնիսկ իրենց կեանքի գնով պաշտպանեցին յեղափոխութեան նպատակները, Իրանի հողային ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը: Այնուհետեւ հայ նահատակներու հարազատներուն անունով Վրէժ Բաղումեանի եղբայրը` Վարուժան Բաղումեան, շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն` արարողութեան իրենց մասնակցութեան համար:

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ նահատակները, որպէս մեր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներ, կրցան արտայայտել իրենց քաղաքացիական հաւատարմութիւնը` պաշտպանելով ժողովուրդին արժանապատուութիւնը եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը:

Ատրպատական

aderbadagan06022014*  Փետրուար 6-ին Թաւրիզի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Նահատակաց հիմնարկութեան պատասխանատու Հալլաճիի յարգանքի խօսքին յաջորդեց Պատգամաւորական ժողովի անդամ Հենրիկ Համբարձումեանի երախտագիտական ուղերձը հայ նահատակներու ընտանիքներուն անունով:

Կուսակալ Շոհրատիֆար իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայրենիքի հանդէպ սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն եղող նահատակութեան գաղափարը` իր խոր յարգանքը ընծայելով հայ նահատակներուն:

Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ սրբազան նպատակներու համար իրենց կեանքը զոհաբերող անձեր` նահատակները Աստուծոյ կողմէ հաւասարապէս կը վարձատրուին:

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, թեմի առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան անդամներուն գլխաւորութեամբ, հայ համայնքի զաւակները փոխադարձ յարգանքի այցելութիւն տուին իրանցի նահատակներուն գերեզմանատունը` «Վատիէ ռահմաթ», ուր իսլամ կրօնաւորներու հետ միասնաբար աղօթք մատուցուեցաւ անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար:

 

Սպահան

Տարեցներու Տարուան Առիթով Առաջնորդ
Սրբազանի Այցը` Նոր Ջուղայի
Հայոց Ազգային Ծերանոց

dzeranots23012014Յունուար 23-ին «Տարեցներու տարուայ» առիթով, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան այցելեց Նոր Ջուղայի հայոց ազգային ծերանոց, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն:

Հայ կանանց գթութեան միութեան վարչութեան անունով Արմինէ Սիմոնեան ողջունեց հիւրերուն ներկայութիւնը եւ միութեան պարտքը համարելով Հայ տարեցներու տարուան առնչութեամբ նոր ծրագրերու մշակումը` նկատել տուաւ, որ յանձնախումբ մը կեանքի պիտի կոչուի այս առիթով ձեռնարկներ ծրագրելու համար:

Բաբգէն եպս. Չարեան իր ելոյթին մէջ մեծ ուրախութիւն համարեց ծերանոց ներկայ գտնուիլը` ողջունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մտայղացումը` 2014 թուականը Հայ տարեցներու տարի հռչակելու կապակցութեամբ: Ան կոչ ուղղեց այս տարի մեր հայեացքը դարձնելու դէպի բոլոր տարեցները, որովհետեւ ազգը, հայրենիքը եւ եկեղեցին անոնց օրհնութեան կարիքը ունին` աշխատելու եւ պահպանելու մեր յաղթական երթը:

Թեմի Պատգամաւորական ժողովին անունով Մկրտիչ Աւետումեան գնահատեց նուիրական աշխատանքներու իրականացումը, իսկ շնորհակալական խօսքով ու բարեմաղթանքներով հանդէս եկաւ միութեան աւագ անդամուհիներէն Ովսան Ղարախանեան:

Աւարտին սրբազան հայրը նուէրներ բաժնեց ծերանոցի բնակիչներուն եւ աշխատողներուն:

 

Ատրպատական

Բարեսիրական Համայնքային Ընթրիք

HOM30012014Հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանի,  կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, 30 յունուարին միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային մակարդակով պաշտօնական ընթրիք:

Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան անունով Անահիտ Յովսէփեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց, թէ սոյն ընթրիքին նպատակն է նիւթապէս սատար հանդիսանալ ՀՕՄ-ի ուսումնադաստիարակչական ու մարդասիրական առաքելութեան: Ան նաեւ պատմական ակնարկ մը նետեց ՀՕՄ-ի ծնունդին,  որ 1891-ին հիմնուած էր  Թաւրիզի մէջ եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր կրթական ու մարդասիրական առումով:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով` բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը թեմի կեանքին մէջ:

 

Վրաստան

Կիթառի Նուագահանդէս

guitar_GeorgiaՆախաձեռնութեամբ Վրաստանի հայ երաժիշտներու միութեան, աջակցութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին, 11 յունուարին կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիթառի նուագահանդէս` նուիրուած երաժիշտ-մանկավարժ, կիթառահար Թենկիզ Կամիտածէի բեմական գործունէութեան 50-ամեակին:

Վրաստանի հայ երաժիշտներու միութեան նախագահ Արտեմ Կիրակոզովը (Գրիգորենց)  իր բացման խօսքին մէջ յիշատակեց թիֆլիսահայ երաժիշտներ Նիքիթա Մկրտիչեանին, Օքսա Առաքելեանին անունները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Թիֆլիսի հայ երաժշտական արուեստի զարգացման մէջ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան խումբ մը կիթառահարներ եւ աշակերտներ:

 Արուեստի Դպրոցի Սաներու Բարեկամական Այցը
Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» Կեդրոն

KHATCHADOURIAN_110th-anniversaryՓետրուար 1-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի Արամ Խաչատուրեանի անուան թիւ 10 արուեստի դպրոցի սաներուն համերգը` «Բարեկամական այց» խորագիրով,  նուիրուած մեծ երգահանի ծննդեան 110-ամեակին:

Վրաստանի հայ երաժիշտներու միութեան նախագահ Արտեմ Կիրակոզովի բարի գալուստի խօսքէն ետք  թիւ 10 դպրոցի տնօրէն Տարիէլ Պերածէ շեշտեց կարեւորութիւնը աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանի անունը կրելու հպարտութեան, նաեւ` պատասխանատուութեան:

Այնուհետեւ խումբ մը աշակերտներ մեկնաբանեցին Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Կիա Ղանչելիի, Կիորկի Ցապածէի, Լիսթի, Քորսաքովի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:

Սրտի խօսքեր արտասանեցին դպրոցի շրջանաւարտ երաժիշտ Եսայի Աբովեան, նաեւ` դպրոցէն ներս երաժշտութեան դասեր առած Ժաննա Դաւթեան:

Աւարտին վիրահայոց թեմին անունով բոլոր մասնակիցները ստացան «Բարի սամարացիներ» կազմակերպութեան նուէրները:

 

Ռումանիա

Ցեղասպանութեան Մասին Վէպը`
Նոպէլեան Մրցանակի Թեկնածու

Varoujan-VoskanianՌումանահայ գրող Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» վէպը Ռումանիոյ, Իսրայէլի եւ Հայաստանի գրողներու միութիւնները ներկայացուցած են 2014-ի գրականութեան նոպէլեան մրցանակի:

Վէպը հրատարակուած է 2009-ին, Պուքրէշի մէջ եւ արժանացած  է հրատարակչական տարուան ամենաբարձր գնահատականին եւ եղած է ամէնէն շատ մրցանակներ ստացած գործերէն մէկը, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ 20-րդ դարու սարսափներուն մասին: Ցեղասպանութեան արհաւիրքներու եւ օտար ափերու մէջ վերապրիլ փորձող հայ տարագիրներու մասին գրեթէ փաստագրական ճշգրտութեամբ պատմող այս գործը արժանացած է միջազգային մամուլի եւ գրական շրջանակներու բարձր գնահատականներուն: Գիրքը թարգմանուած է շարք մը լեզուներով` հայերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, գերմաներէն եւ այլն:

2012 հոկտեմբերին Թել Աւիւի մէջ վէպի ներկայացման ժամանակ Իսրայէլի Գրողներու միութեան նախագահ Հերցել Հակակ յայտնած է, որ  գիրքը արժանի է, որ աշխարհի բոլոր գրողներուն կողմէ ներկայացուի գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Չմեռանք, Այլ Մահացանք»
Տեսերիզ–Խտասալիկը

ChemerankՆախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի, հրապարակի վրայ է «Չմեռանք, այլ մահացանք» անունով տեսերիզ-խտասալիկը, որ ընտրանի մըն է հայկական բանաստեղծութեանց գանձարանէն:

Այս արտադրութեան մէջ Մարալ Յովակիմեան-Վարժապետեան սփիւռքահայու յատուկ տենչով ու կարօտով կ՛արտայայտէ պանդուխտ հայու կարօտն ու սէրը հայրենիքին հանդէպ:

Սուրիոյ Հայութեան Նուիրուած  Ձեռնարկ

SYRIA10022014Կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին, 10 փետրուարին Պըրպենքի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայութեան տագնապը եւ մենք» նիւթով դասախօսութիւն մը:

Յայտագրի սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էր պատմական Հալէպ քաղաքի քանդուած վայրերը: Այնուհետեւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սոնա Մատարեան:

Օրուան առաջին բանախօս տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան տուաւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ անոր ընդերքին հարստութիւններով հետաքրքրուող մեծ պետութիւններու քաղաքական բնութագրերը` ցոյց տալով իւրաքանչիւր երկրի ունեցած դերակատարութիւնը, մասնակցութիւնն ու ակնկալիքները, որոնց զոհ գացած են Սուրիոյ ապահովութեան մէջ ապրող ժողովուրդը, պատմական եզակի կոթողները, շէներն ու քաղաքները: Ան գնահատեց հալէպահայութեան ցուցաբերած բացառիկ միասնականութեան, տոկունութեան եւ մաքառումի ոգին:

Երեկոյի երկրորդ բանախօս Արմաշ եպս. Նալպանտեան իր նիւթին մէջ  շեշտը դրաւ սուրիահայերու համար կատարուած ընկերային, առողջապահական, կրթական, տնտեսական ծառայութիւններու վրայ, մասնակցութեամբ բոլոր յարանուանութիւններուն, համահայկական երեք կուսակցութիւններուն, ՀԲԸՄ-ին եւ ՀՕՄ-ին:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան անդրադարձաւ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն` հրաւիրելով հայ ժողովուրդի զաւակները օժանդակելու երկրին:

Թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սուրիահայութեան ի նպաստ գործնական օժանդակութիւնները շարունակելու կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան վրայ` յիշեցնելով բոլորին  սուրիահայութեան օգնութեան հարցի համահայկական տարողութիւնն ու բնոյթը:

 

Share this Article
CATEGORIES