Միացեալ Նահանգներ. Երիտասարդ Վրձինահար Յարութ Չէօրէքճեանի Անդրանիկ Անհատական Ցուցահանդէսը
Յունուար 12-ին, Ամերիկայի հայկական թանգարանին մէջ (ԱԼՄԱ-Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց) ազդանշանը տրուեցաւ երիտասարդ նկարիչ Յարութ Չէօրէքճեանի ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «It’s All About’em» խորագիրը, եւ ուր ներկայացուած են աւելի քան քառասուն գործեր: Երիտասարդ նկարիչը սակայն կը հաւատայ, որ երբ հարցը կը վերաբերի արուեստին, ուրեմն ոչինչ բաւարար է ու գոհացուցիչ:
Հազիւ հինգ-վեց գարուններ բոլորած Յարութ Չէօրէքճեան արդէն իսկ սպիտակ թուղթին վրայ կը փորձէր իր ապրումներն ու ներաշխարհը դրսեւորել… եւ այդ ալ ինքնաշարժին մէջ, ուր մայրը իրեն թուղթ ու մատիտ կու տար զբաղելու` անուղղակիօրէն անոր մէջէն դուրս բերելով արուեստի նկատմամբ հետաքրքրութիւնն ու տաղանդը: Փոքրիկ տղուն մէջ եղած տաղանդին բացայայտողը կ՛ըլլայ արուեստագէտ Արա Ազատը, որ ինքնաշարժին ետեւի աթոռին նստած տղեկին գծագրութիւնները տեսնելով անոր մէջ կը շօշափէ արուեստի նկատմամբ հակումը ու կը քաջալերէ զինք` մտնելու արուեստի աշխարհ, աւելի ճիշդ` իրեն հետ կը տանի Յարութը արուեստի ուղիով: Աւելի ուշ Յարութ Չէօրէքճեան նաեւ առիթ կ՛ունենայ Արա Ազատի կողմէ տրուած արուեստի դասընթացքներուն հետեւելու:
Յարութ Չէօրէքճեան կը պատկանի Արա Ազատի աշակերտներէն անոնց, որոնք կանգնած են արուեստի ուժականութեամբ հարուստ այնպիսի հարթակի մը վրայ, ուր ատաղձ ունէին բոլորն ալ իրենց կարգին, ասոր լաւագոյն փաստն է այն, որ իւրաքանչիւրը արուեստի մէջ գտաւ իր ուղղութիւնը` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս: Արա Ազատ գիտցաւ, որ առկայ է այդ ատաղձը, այս պատճառով ալ շարունակեց ըլլալ մղիչ ուժ, դէպի արուեստ տանող ուղի, քաջալերող ուսուցիչ ու արուեստի կրթութիւն, հմտութիւն փոխանցող ընկեր-դաստիարակ: Ըստ Արա Ազատի` այդ աշակերտները կարիք ունէին սնունդի, որպէսզի ապրին ու ապրեցնեն, առանց որուն անոնք կրնային պարզապէս ափսոսանք ըլլալ այն առումով, որ օր մը իրենց արուեստը չեն զարգացուցած եւ կատարելագործած:
Յարութ Չէօրէքճեանի ցուցահանդէսին ընդմէջէն կերտուած սերունդի մը մասին խօսելով` Արա Ազատ դիտել տուաւ, որ պէտք է նշել, թէ այդ խմբակի տղաքը նաեւ առիթ ունեցան իրենց միտքն ու նորածաղկ արուեստը հասցնել հանրութեան` «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի միջոցով, նաեւ` այլ կառոյցներու նեցուկով: Այդպիսով անոնք զգացին, որ իրենց արժանիքները վաւերացուած են, յարգուած են, բան մը կը ներկայացնեն: Այս զգացումը, բնականաբար, վստահութիւն պիտի ներշնչէր եւ յաւելեալ հաւատք պիտի տար իրենց տաղանդին նկատմամբ, մղիչ ուժ պիտի ըլլար շարունակելու:
Արա Ազատ կը վկայէ, որ Յարութ Չէօրէքճեան եղաւ անոնցմէ, որոնք շարունակականութիւնն ու հետեւողականութիւնը կրցան պահել, ստեղծել առիթներ: Արա Ազատի համաձայն` Յարութին անդրանիկ այս ցուցահանդէսը 8-9 տարուան հեռատես աշխատանքի արդիւնք է, այդ տարիներուն ծնած ստեղծագործութիւններուն ամբողջութիւնն է: Յարութի այս ցուցահանդէսը գոհունակութիւն կը պատճառէ ուսուցիչ Արա Ազատին, որովհետեւ կը տեսնէ արգասիքը տարուած աշխատանքի, ներդրուած ջանքի մը, որ Յարութի տաղանդին ընդմէջէն ծաղկեցաւ, հասակ նետեց: Սարսափելի է երեւակայել, որ Յարութ մը չըլլար այսօր, մանաւանդ գիտակցիլ, որ անոր մէջ ծաղկելու հունտը կար, սակայն մշակը չկար այդ հունտին հոգացող, ջրող եւ ծաղկումի առաջնորդող: Յարութ Չէօրէքճեան կրցաւ գտնել իր ուղին եւ մուտք գործել արուեստի աշխարհ` նետելով իր առաջին քայլերը:
Յարութի գործերուն մէջ տիրական է մարդկային դէմքն ու արտայայտութիւնը, տարբեր զգացումներու դրսեւորման արտացոլացումը…
Յատկապէս, արդի գործերու սիրահարներուն համար, Յարութին գործերուն ընդմէջէն կարելի է ոչ միայն գտնել պատկերը, այլ ըմբոշխնել, դիտել, վերլուծել եւ այդ ալ շարունակաբար:

