Ճարտարարուեստի Նախարարութեան Մէջ Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւն

Սապունճեան եւ Հաժ Հասան
Ճարտարարուեստի նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախարարութիւնը յանձնեց նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Վ. Սապունճեան ըսաւ. «Երանի թէ այս արարողութիւնը աւելի լաւ պայմաններու մէջ կատարուէր` նկատի ունենալով առաւօտեան արձանագրուած երկու պայթումները, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ: Այս առիթով կը դատապարտենք Լիբանանը հարուածող ահաբեկչութիւնները, ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհերուն ընտանիքներուն եւ բարի ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն»:
Վ. Սապունճեան նշեց, որ նախապէս ինք գործակցած է նախարար Հաժ Հասանի հետ` ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ, եւ այդ գործակցութիւնը երկրին տնտեսութեան համար նոր հորիզոններ բացած է:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն պաշտօնեաներուն, որոնք օժանդակեցին իր առաքելութեան եւ Հաժ Հասանին յաջողութիւն մաղթեց:
Իր կարգին, Հաժ Հասան ընդգծեց, որ ինք ճարտարարուեստի նախարարութիւնը չէ ստանձնած իբրեւ նոր նախարար, այլ պիտի շարունակէ իր բարեկամին` նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի աշխատանքը:

