Սաատ Հարիրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Հարիրի եւ Սիսի

Հարիրի եւ Սիսի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Եգիպտոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար, նախագահական թեկնածու մարաջախտ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Գահիրէի մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Հարիրի այցելեց նաեւ Եգիպտոսի խորհրդարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի սահմանադրութիւնը մշակող յանձնախումբի նախագահ Ամր Մուսայի հետ: Քննարկուեցան Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, յատկապէս շրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES