Զոյգ Պայթումներ Կը Ցնցեն Պիր Հասանը` Խախտելով Լիբանանի Ապահովական Համեմատական Հանդարտութիւնը

dahiye4Մինչ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով շրջանային եւ միջազգային մակարդակով շնորհաւորութիւնները կը շարունակուէին, երէկ առաւօտեան ժամը 9:25-ին Պէյրութի հարաւային արուարձանները դարձեալ ցնցուեցան ականուած ինքնաշարժներու պայթումներով:

Անձնասպանական գործողութեան հետեւանք եղող զոյգ պայթումները ցնցեցին Պիր Հասանը` պատճառելով 6 զոհ եւ 129 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական վնասներ:

Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, զոյգ պայթումներուն համար օգտագործուած են երկու ինքնաշարժներ: Առաջինը «Պի. Էմ. Տապըլեու. Իքս.5» տիպի ինքնաշարժ մըն էր, որ ականուած էր 90 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով, իսկ երկրորդը` «Մերսետես Էմ. Էլ.» տիպի ինքնաշարժ մը, որ ականուած էր 75 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով:

Երեկոյեան բանակը հրապարակեց նաեւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ ձերբակալած է «Ռասինկ» ֆութպոլի խումբի անդամներէն Զուհէյր Մրատը, որուն շուրջ կասկածներ կան, թէ ան  «Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ»-ու անդամ Սրաժէտտին Զրէյքաթի հետ կապեր ունի:

Յայտնենք, որ Մրատ ձերբակալուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ երթալու ժամանակ, ուր պիտի մասնակցէր ֆութպոլի փորձերուն:

dahiye5Նշենք, որ Մրատի անունը նշուած է բանակին մօտ գտնուող ձերբակալեալ ահաբեկիչներուն, որոնց շարքին` Նայիմ Ապպասի վկայութիւններուն մէջ:

Պայթումներէն ժամ մը ետք, Քայիտայի ցանցին պատկանող «Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ»-ը «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իրենց անձնական հաշիւին ընդմէջէն ստանձնեցին զոյգ պայթումներուն պատասխանատուութիւնը:

Անոնք շեշտեցին, որ այս գործողութիւնը պատասխան է Իրանի կուսակցութեան դէմ` նկատի ունենալով սուրիական վարչակարգին կողքին անոր պայքարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանտերուն մէջ իսլամական բանտարկեալներուն գոյութեան դէմ:

«Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ»-ը իրենց գործողութիւնը կոչեցին Իրանեան մշակութային կեդրոնին դէմ կատարուած յարձակում եւ վերահաստատեցին իրենց երկու պահանջները, որոնք են` Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն նահանջը եւ Ռումիէի իսլամական արգելափակեալներուն ազատ արձակումը:

Քուէյթեան դեսպանատունը հաստատեց, որ իր անձնակազմը ողջ առողջ է:

dahiye2Միւս կողմէ, շրջանին մէջ գտնուող Իսլամական որբանոցին տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պիր Հասանը թիրախ դարձուցած պայթումներուն պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուած են 11 երեխաներ եւ անոնց պատասխանատու ուսուցչուհին` նկատի ունենալով, որ պայթումին պահուն անոնք որբանոցին բակերէն մէկուն մէջ կը գտնուէին:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այցելեց դէպքին վայրը, ուր շեշտեց, որ ոմանք կը դիւրացնեն ահաբեկիչներուն արարքներուն գործադրութիւնը, «հետեւաբար` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն կը պահանջենք գործակցիլ բանակին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ չորցնել մահուան անցքերը, որոնք կ՛օգտագործուին թիրախ դարձնելու համար լիբանանցիները»:

Մաշնուք ընդգծեց, որ իրենք պիտի ջանան փակել Պեքաայի այն անցքերը, որոնք կ՛օգտագործուին Լիբանանի մէջ գողցուած ինքնաշարժները դէպի Սուրիա ղրկելու` զանոնք ականելու նպատակով:

Ներքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»-ուն մեղսակիցները նոյնքան ոճրագործ են, որքան իսկական ահաբեկիչները: «Կառավարութիւնը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն պիտի դիմէ` դէմ դնելու համար ապահովական այս արարքներուն», ըսաւ ան:

Զինուորական ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր այցելեց դէպքին վայրը եւ հրահանգեց պայթումներուն շուրջ հետաքննութիւն բանալ:

dahiye6Ան շեշտեց, որ զինուորական ոստիկանութիւնը հետաքննութեան պիտի հսկէ:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Պիր Հասանէն դատապարտեց ահաբեկչական քստմնելի արարքը եւ անհրաժեշտ նկատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ազգային ծրագիրի մը մշակումը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար դէպքին վայրէն հաստատեց, որ Հըզպալլա պիտի չնահանջէ այնպիսի ճակատամարտէ մը, որ ռազմավարական մակարդակի վրայ անհրաժեշտ է:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի այցելեց դէպքին վայրը, ուր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուած այս պայթումները կը կրեն սիոնական ստորագրութիւններ եւ կը միտին Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի ուժը հարուածել:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր այցելեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցն ու այլ հիւանդանոցներ, ուր ստուգեց վիրաւորները` անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին դրսեւորուած միասնականութիւնը ցասում պատճառած է ահաբեկիչներուն, որոնք արիւնալի պատգամ մը ուղարկած են:

«Անհրաժեշտ է այս արարքներուն պատասխանել յաւելեալ միասնականութեամբ», ըսաւ ան:

Դատապարտումի Ալիք

dahiye8Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց նախարարին, Լիբանանի մէջ Քուէյթի եւ Իրանի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ` իմանալու համար զոյգ պայթումներուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն յաւելեալ գործակցութեան, որպէսզի կարենան բացայայտել պայթումներուն մեղսակիցներն ու յանցագործները:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ այս կացութեան կարելի է դէմ դնել լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած է Ալպանիա, դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումները` նշելով, որ անոնք բոլորին դէմ սպառնացող մարտահրաւէրներ կը նկատուին:

Պըրրի կոչ ուղղեց զգուշանալու եւ ապահովական կայունութեան վերահաստատումը առաջնահերթութեան վերածելու:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքը:

Ան ըսաւ. «Պատգամը ստացանք եւ անոր պիտի պատասխանենք յաւելեալ միասնականութեամբ ու քաղաքացիական անվտանգութեան նկատմամբ մեր կառչածութեամբ»:

Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ձերբակալելու եւ խստագոյն պատիժներուն ենթարկելու նման ահաբեկչութիւններ ծրագրող եւ գործող բոլոր յանցագործները:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ քաղաքական յաջորդ հանգրուանը պսակուի լիբանանցիներուն յաւելեալ պաշտպանութիւն ապահովելու միջոցառումներուն որդեգրումով:

dahiye15Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Պիր Հասանը թիրախ դարձուցած պայթումը` կոչ ուղղելով համախմբուելու կառավարութեան շուրջ եւ օժանդակելու անոր, որպէսզի կարենայ ստանձնել այս զգայուն հանգրուանին իր պատասխանատուութիւնները:

Ան շեշտեց Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ահաբեկիչները ընդվզած են Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութենէն, եւ յարձակումի անցան յատկապէս, երբ անոնք իմացան, որ կառավարութեան այս կազմը պիտի պայքարի իրենց դէմ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումը` շեշտելով, որ անիկա արիւնալի պատգամ մըն է, որուն նպատակն է սարսափի մատնել նորակազմ կառավարութիւնը: «Սակայն մենք կը հաստատենք, որ լիբանանեան միասնականութեամբ կեանքի կամքը աւելի հզօր դուրս պիտի գայ, քան` սպանութիւնը», ըսաւ ան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձնող ահաբեկչական արարքները` շեշտելով, որ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը կարելի պիտի չըլլայ փոխել պարզապէս կառավարութեան մէջ դէմքեր փոխելով:

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը դատապարտեց Պիր Հասանը թիրախ դարձուցած պայթումները եւ կոչ ուղղեց Հըզպալլային հեռանալու Սուրիայէն` ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումը` ընդգծելով, որ այդ արարքը քանդիչ պատգամ մըն է, թէ Լիբանան մնայուն կերպով ահաբեկչութեան թիրախ պիտի մնայ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` ամրապնդելու լիբանանեան ներքին ազգային միասնականութիւնը:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումը` շեշտելով, որ անոր նպատակն է Լիբանանը վերածել ահաբեկիչներուն յատուկ հրապարակի մը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիները մնայուն վախի ենթակայ պահել:

Տիւրզի համայնքի պետ շէյխ Նայիմ Հասան դատապարտեց ահաբեկչական այս արարքը եւ կարեւոր նկատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերելը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը ի վիճակի ըլլայ Լիբանանը թիրախ դարձնող ահաբեկչական արարքները սանձելու:

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումները` զանոնք նկատելով ահաբեկչական արարքներ: Դեսպանատունը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ բարի ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի խստիւ դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումը եւ կոչ ուղղեց ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը` կանխարգիլելով Լիբանանի սպառնացող վտանգները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ եւ խստիւ դատապարտեց Պիր Հասանը թիրախ դարձուցած պայթումը:

Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդատու Հիւսէյն շէյխ Իսլամ յայտնեց, որ Պիր Հասանը պայթումի թիրախ դարձնելու արարքը կը միտի սադրանքներ նախապատրաստել եւ շրջանին մէջ իրարանցումը ամրապնդել: «Բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը ոչինչ պիտի կարենան լուծել», աւելցուց ան:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումը` շեշտելով, որ Իրանեան մշակութային կեդրոնին հսկող ապահովութեան ուժերէն պահակ մը զոհուած է պայթումին պատճառով: Ան շեշտեց, որ ներկայիս կողմնացոյցը ուղղուած է դէպի Պաղեստին եւ ահաբեկչական բոլոր արարքները պիտի չկարենան իրենց հայեացքը փոփոխութեան ենթարկել:

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի խստիւ դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումները` շեշտելով, որ ահաբեկչական այդ երկչոտ արարքին պատասխանատու են այն երկիրները, որոնք կը զօրակցին, կը հովանաւորեն եւ կը ֆինանսաւորեն ահաբեկչութիւնը: Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ-ը եւ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է իրենց պարտականութիւնը կատարեն` աշխարհին սպառնացող այս վտանգը հեռու պահելու համար:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Պիր Հասանի զոյգ պայթումները` հաստատելով Լիբանանի եւ անոր պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:

Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Հիու Ռոպըրթսըն դատապարտեց Պէյրութի պայթումը, որ թիրախ դարձուց Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող իրանեան մշակութային կեդրոնը` շեշտելով, որ պէտք չէ արտօնել ահաբեկչութեան խախտելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանատունը շեշտեց, որ Լիբանան իր միասնականութեամբ եւ քաղաքացիական ապահովութեան կառչածութեամբ կրնայ դէմ դնել ահաբեկչութեան:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնականացնելու իրենց շարքերը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց ծայրայեղականներուն կողմէ ի գործ դրուող ջանքերը` պայթեցնելու համար Լիբանանի կացութիւնը:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պիր Հասանի պայթումները եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին շրջագիծին մէջ:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES