Ցեղասպանագէտները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի` Փերինչեքի Հարցով Վճիռին Առնչութեամբ

ECHR«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող աւելի քան երեսուն ցեղասպանագէտներ եւ պատմաբաններ 14 փետրուարին բաց նամակ մը յղած են Զուիցերիոյ արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան բաժանմունքի ղեկավար Սիմոնեթա Սոմարուկային` իրենց անհանգստութիւնը յայտնելով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի` Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի գործով տուած որոշումին առնչութեամբ: Նամակը ստորագրողներուն շարքին են Թաներ Աքչամ, Փիթըր Պալաքեան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ռէյմոնտ Գէորգեան, Թեսսա Հոֆման, Ճոյս Ափսել, Տեպորա Տուորք, Եայիր Աուրոն, Վոլֆկանկ Կուստը, Անեթ Պեքըր, Մարկրիթ Լաւինիա, Ռոճըր Սմիթ, Իսրայէլ Չառնի եւ Իւ Թեռնոն:

17 դեկտեմբեր 2013-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարող Տողու Փերինչեքի հայցը` ընդդէմ Զուիցերիոյ: Ըստ դատարանին, 2008-ին Զուիցերիա ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար Փերինչեքը դատապարտելով խախտած է վերջինիս խօսքի ազատութեան իրաւունքը:

Նամակին մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի` Տողի Փերինչեքի գործով Զուիցերիոյ դէմ վճիռը կարդալէ ետք մենք` ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կատարող մասնագէտներս, ստիպուած ենք հանդէս գալու որոշումին մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ պատմական եւ հայեցակարգային սխալներու դէմ:

«…Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարողներուն յստակ համոզումն է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն զանգուածային ջարդերը ամբողջովին կը համընկնին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման հռչակագիրին մէջ սահմանուող «ցեղասպանութիւն» եզրին:

«…Հայերու կոտորածները Ռաֆայէլ Լեմքինի համար հիմք ծառայած են «ցեղասպանութիւն» իրաւական հասկացողութիւնը սահմանելու համար, եւ Լեմքինի բնորոշումով` հայերը ենթարկուած են ցեղասպանութեան:

«…Դատարանի որոշումին մէջ կը նշուի նաեւ, որ «1915-ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն իրաւական եզրով չբնորոշելը» չի կրնար ըլլալ հայերուն դէմ ատելութեան պատճառ: Սակայն հրէական Ողջակիզումի ժխտումը հակասեմականութեան առանցքային դրոյթն է: Կ՛ուզենք ընդգծել, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը նոյն ձեւով դարձաւ հայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ հայերու նկատմամբ բռնութիւններու պատճառ»:

Եզրափակելով նամակը` ցեղասպանագէտները յոյս կը յայտնեն, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանէն պահանջէ վերաքննել գործը:

 

Share this Article
CATEGORIES