«Մինչեւ Որ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չլուծուի, Հայ-Թրքական Սահմանը Պիտի Չբացուի» Ըսաւ Տաւութօղլու

Davutoglu19022014Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ազրպէյճան այցելութեան ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ սահմանի բացումին նախապատրաստուելու մասին լուրերը:

Երէկ Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաւութօղլու հերքած է սահմանի հաւանական բացման մասին լուրը:

«Թուրքիոյ դիրքորոշումը յստակ է, որեւէ փոփոխութիւն չկայ: Քանի տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չէ լուծուած, Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբացուի», յայտարարած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES