Հայ Թեկնածուներ Կը Մասնակցին Թուրքիոյ Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն

Նուարդ Պաքըրճըօղլու

Նուարդ Պաքըրճըօղլու

«Հորիզոն» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընթացքին, քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութիւնը Պոլսոյ Պաքըրքէօյ թաղամասի թաղապետի պաշտօնին համար առաջադրած է Նուարդ Պաքըրճըօղլուի թեկնածութիւնը:

«Ակօս» օրաթերթը, որ հարցազրոյց մը կատարած էր Պաքըրճըօղլուի հետ, գրած է, որ Պաքըրքէօյը Պոլսոյ ամէնէն խիտ բնակուած եւ տնտեսապէս զարգացած թաղամասերէն է ու կը նկատուի քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան միջնաբերդը:

Պատասխանելով «Ակօս»-ի այն հացումին, թէ ինչպէ՞ս ընդունած է թեկնածու դառնալու առաջարկը, հակառակ անոր, որ ան մինչեւ հիմա քաղաքականութեամբ չէ զբաղած, Նուարդ Պաքըրճըօղլու ըսած է. «Քիւրտերուն հետ երկար ժամանակ միասին ապրած ենք: 80-ականներէն ի վեր կը հետեւիմ քրտական շարժումին: Ի հարկէ, որոշ մտավախութիւններ կան, որովհետեւ հայ եմ: Կը հետեւիմ Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութեան գործունէութեան. որոշ հայեր կ՛աշխատին այս կուսակցութեան մէջ, ինչ որ շատ հաճելի է: Շատ ուրախալի է նաեւ հայ ըլլալ եւ զբաղիլ քաղաքականութեամբ. ինծի առաջարկեցին թեկնածու ըլլալ, եւ ես համաձայնեցայ, որովհետեւ շատ կարեւոր է ապրիլ խաղաղութեան մէջ եւ ապրիլ իբրեւ իրաւահաւասար քաղաքացի: Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութեան դիրքորոշումը գրաւիչ է. ես կրնամ անոր մէջ դրսեւորել ինքնութիւնս»:

Պաքըրճըօղլուի մեծ հայրը բռնի իսլամացուած է, սակայն հետագային դարձեալ քրիստոնեայ դարձած է: Ան նաեւ ասորական արիւն ունի: Պաքըրճըօղլուի կողքին, նոյն կուսակցութիւնը Պոլսոյ Ատալար թաղամասի թաղապետի թեկնածուներուն մէջ ընդգրկած է ազգութեամբ հայ Կայուշ Չալըքման Կաւրիլոֆը, իսկ Շիշլի թաղամասի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն առաջադրած է Բագրատ Էսթուքեանի թեկնածութիւնը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 30 մարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES