Բաղդասարեան. «Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Քաղաքական Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի»

Armenia_EUՀայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը ապահովող 2014-2015 թուականներու նախաձեռնութիւններու նոր ցանկի նախագիծը քննարկուած է եւ հաւանութեան արժանացած եւրոպական կառոյցներուն հետ Հայաստանի պետական մարմիններու համագործակցութիւնը համակարգող միջնախարարական յանձնախումբի 17-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, միջնախարարական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Բաղդասարեանի նախագահութեամբ:

«Այս նիստը կարեւոր է թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ բովանդակային առումով: Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ առկայ անկումներուն, իսկ որոշ յոռետեսներ կը խօսին նոյնիսկ տապալման մասին: Ես կը ցանկամ զանոնք հիասթափեցնել` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն քաղաքական համագործակցութիւնը կը շարունակուի», շեշտեց Բաղդասարեան: Ան շարունակեց. «Եւրոպացի մեր գործընկերներուն հետ մենք մշակած ենք շուրջ 180 կէտերէ բաղկացած յաւակնոտ գործողութիւններու ծրագիր մը, որ կը վերաբերի 5 առանցքային ուղղութիւններու` արդարադատութիւն, ազատութիւն, անվտանգութիւն, քաղաքական համագործակցութիւն, ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներ, ենթակառուցային բարեփոխումներ եւ բոլոր այս ուղղութիւնները կը ներառեն իսկապէս լրջագոյն փոփոխութիւններու համապարփակ ծրար մը, որ կարելիութիւն կու տայ տարբեր ուղղութիւններով յառաջընթաց արձանագրել Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն միջեւ»:

Ըստ անոր, այս տարիէն սկսեալ արդէն Հայաստանի քաղաքացիները կ՛ունենան դիւրացուած այցեգրային դրութիւն, կրնան առանց արգելքներու մեկնիլ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ, գործարարները կրնան շուրջ 6000 արտադրատեսակներ արտահանել Եւրոպական Միութիւն` առանց մաքսատուրքերու կամ շատ զեղչուած սակագիներով:

Բաղդասարեան տեղեկացուց նաեւ, որ ձեւաւորուած օրակարգի ծիրին մէջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան դատական-իրաւական համակարգին ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ, եւ պիտի արդիականացուի Հայաստանի քաղաքական համակարգը:

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործողութիւններու նոր ծրագիրը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հաստատման պիտի ներկայացուի յառաջիկային:

 

Share this Article
CATEGORIES