«Եւրոպական Կողմին Համար Ալ Պարզ Դարձած Է Ազրպէյճանական Կողմին Ապակառուցողական Դիրքորոշումը» Ըսաւ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները բարձր կը գնահատեն հայկական պատուիրակութեան աշխատանքը:

Նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ պատուիրակութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ միասնական խումբ` նշելով, որ ատիկա պէտք է օրինակ դառնայ մնացեալ բոլոր պատուիրակութիւններուն համար: «Մենք իսկապէս արդիւնաւէտ աշխատանք տարինք այս վեհաժողովին ընթացքին, մեզ հետաքրքրող բազմաթիւ հարցեր բարձրացուցինք, ինչպէս նաեւ միասնական ջանքերով հակադարձեցինք ազրպէյճանական կողմին հակահայկական ձեւակերպումներուն», ըստ «Արմենփրես»-ին ընդգծեց Մինասեան` աւելցնելով, որ եւրոպական կողմին համար ալ պարզ դարձած է ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշումը:

Մինասեան նշեց, որ եւրոպացիներուն մօտ որոշակի անորոշութիւն կայ Մաքսային Միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշումէն ետք, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ եւրոպացիները բացասական տրամադրուածութիւն ունին Հայաստանի նկատմամբ:

Մինասեան յայտնեց, որ պարզապէս անորոշութիւն կայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան շարունակութեան վերաբերեալ: Մինասեան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է ջանքեր թափէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը խորացնելու միացեալ օրակարգ ձեւաւորելու համար:

Հայկական պատուիրակութիւնը 11-13 փետրուարին մասնակցեցաւ Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբերու նիստերուն: Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութենէն նիստերուն մասնակցեցան հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան, պատուիրակութեան մնայուն անդամներ Յովհաննէս Սահակեան, Հրանդ Բագրատեան, Արծուիկ Մինասեան եւ Վահէ Էնֆիաշեան:

Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովը հիմնուած է մայիս 2011-ին` իբրեւ Արեւելեան գործընկերութեան խորհրդարանական ձեւաչափ: Անոր հիմնական նպատակն է ամրապնդել կապերը Եւրոպական Միութեան արեւելաեւրոպական դրացիներուն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Մոլտաւիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ, որոնք ներկայացուած են խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES