«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւս Օտար Դաշտերու Վրայ` Յաղթական

Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները

Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները

Հետեւելով Պարսելոնայի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի օրինակին` Պայէրն Միւնիխ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ եւս օտար դաշտերու վրայ յաղթանակ արձանագրեցին, երբ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումերուն ծիրին մէջ երէկ գիշեր յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Արսենալը (2-0) եւ Ա. Սէ. Միլանը (1-0):

Թէեւ Թոնի Քրուս (54-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (88-րդ) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը, սակայն իւրաքանչիւր կազմէ մարզիկ մը փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել, Արսենալէն` Մեսութ Էօզիլ (9-րդ), իսկ Պայէրնէն` Տաւիտ Ալապա (40-րդ):

38-րդ վայրկեանին Արսենալի մաս կազմող Վոժսիեչ Սզեսնի կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Իսկ Աթլեթիքոյի կոլը նշանակեց Տիեկօ Քոսթա` 83-րդ վայրկեանին:

Share this Article
CATEGORIES