Սոչի-2014. Արման Սերեպրաքեան Գրաւեց 46-րդ Դիրքը
Սոչիի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, հսկայ ոլորավայրէջքի մրցումներուն հայ լեռնադահուկորդ Արման Սերեպրաքեան գրաւեց 46-րդ դիրքը:
Առաջին հանգրուանէն ետք ան կը գտնուէր 54-րդ դիրքին վրայ: Սակայն երկրորդ հանգրուանին ան բարելաւելով իր արդիւնքը գրաւեց 46-րդ դիրքը:
Միայն 72 դահուկորդներ կրցան երկու հանգրուաններու արդիւնքով յաղթահարել ընդհանուր մրցատարածքը:
CATEGORIES Մարզական

