Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Պիպլոս` Յաղթական

Շանվիլ - Պիպլոս մրցումէն

Շանվիլ – Պիպլոս մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու մրցումներ:

Սաժես, որ առանց իր համակիրներուն հիւրընկալեց Պըժժէն, 83-64 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (22-20, 44-31, 68-46 եւ 83-64):

Սաժեսէն Տանիել Ֆարես նշանակեց 18 կէտ, մինչ Պըժժէն Ճոնըթըն Էյվըրի` 30 կէտ:

Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին յանձնակատար նշանակուած էր Րաֆֆի Քատեան:

Իսկ օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Զիատ Թաննուս եւ Քլոտ Ժըպրայել:

Երէկուան երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Շանվիլը եւ Պիպլոսը, աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 79-69 արդիւնքով (15-21, 24-35, 41-62 եւ 69-79):

Պիպլոսէն Ճեսմըն Եանկպլատ նշանակեց 34 կէտ, իսկ Շանվիլէն Վուսքօ Սաւիսեւիչ` 32 կէտ:

Նշենք, որ այսօր` հինգշաբթի, 20 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, Հուսփ կը հիւրընկալէ Մութթահետը:

Share this Article
CATEGORIES