ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՈՎ ՄԸ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ ՔԱՆԻ ՄԸ ԺԱՄՈՎ ՓԱԿԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԸ

Թրքական ապահովական միջոցառումներ` սահմանին վրայ

Լարուածութեան մագլցումի ցուցանիշ նկատուող եւ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, թրքական իշխանութիւնները երէկ քանի մը ժամով փակեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանը, մինչ Թրքական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ջնջեց սուրիական վարչակազմին նկատմամբ զօրակցութեան իր նստացոյցը:

Սահմանային անցքի փակման պատճառները անյայտ կը մնան, սակայն աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ սուրիական վարչակազմի համակիրներ Թուրքիա մուտք գործած են, ինչ որ թրքական իշխանութիւնները մղած է ապահովական պատճառներով վերոնշեալ նստացոյցը ջնջելու եւ անցքը փակելու:

Մինչ այդ, թրքական պատասխանատու աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ կացութիւնը պայթուցիկ վիճակ կը պարզէ եւ կրնայ բուռն բախումներու առաջնորդել:

Աղբիւրը նշեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Անգարայի մէջ թրքական բանակէն եւ թրքական գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն բարձրաստիճան սպաներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ժողով մը գումարած է` սերտելու համար սուրիական բանակին կողմէ թրքական հողամասերուն վրայ գտնուող գաղթակայաններուն դէմ զինուորական գործողութեան մը պարագային հաւանական դիպաշարերը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիա մեծապէս մտահոգ է սուրիական բանակին իրեն հետ սահմանէն քանի մը քայլ անդին կատարած շարժումներէն, ինչպէս նաեւ բարեփոխումներ կատարելու Թուրքիոյ կոչերուն մերժումէն: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու քննադատած է սահմանին մօտ զինուորական այդ շարժումը:

Տաւութօղլու ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ Անգարա մօտէն կը հետեւի զինուորական շարժումներուն` աւելցնելով, որ ինք «կացութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտահոգութիւններն ու տեսակէտները» ներկայացուցած է սուրիացի իր պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը նշեց, որ Անգարա յառաջիկայ օրերուն պիտի հետեւի զինուորական այդ շարժումներուն վերաբերեալ Սուրիոյ հակազդեցութեան:

Սուրիական գաղտնի սպասարկութեան նախկին անդամ մը «Հիւրրիյէթ»ին յայտնեց, որ զինուորական շարժումը ուժի ցուցադրութիւն չէ եւ զինուորները պիտի պատրաստուին մէկ շաբաթէն հեռանալու այդ շրջաններէն: «Իրարանցումի ստեղծումէն ի վեր մենք զինուորներ ուղարկեցինք դէպի գրեթէ մեր բոլոր սահմանները, որովհետեւ այդ սահմանները ահաբեկիչներուն մուտքը կը դիւրացնէին», ըսաւ ան:

Ան նաեւ նշեց, որ Դամասկոս վիրաւորուած է Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներ կատարելու գծով Թուրքիոյ հետեւողական պնդումներէն: «Թուրքիա հրապարակաւ բարեփոխումներու համար մեր վրայ ճնշում կը բանեցնէ: Թուրքիա բարեկամ երկիր մըն է, սակայն մեր ներքին քաղաքականութեան մասին մեզի խրատներ չի կրնար տալ: Ատիկա մեզ կը զայրացնէ»:

Միւս կողմէ, մինչ թրքական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Թուրքիոյ գաղթակայաններուն մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներու թիւը 11,700-ի բարձրացած է, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 730 գաղթականներ Թուրքիայէն Ժըսըր Շուղուր վերադարձած են:

 

Share this Article
CATEGORIES