Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կատարելութեան ձգտելու համար կրնաք ժամանակ կորսնցնել եւ ամուլ մնալ, հետեւաբար սկսեցէք ձեր կարողութեան չափով աշխատիլ` ապաւինելով գալիք օրերու փորձառութեամբ ձեռք ձգուածին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ վշտացած էք անձի մը անտեղի վերաբերումէն, արտայայտեցէք ձեր անկեղծ խոստովանութիւնը` առանց վիրաւորական խօսքի: Ան պիտի ամչնայ իր ըրածին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դադար մը առէք այս շաբաթավերջին` կազդուրուելու համար: Յոգնած էք, նոր ուժ ամբարեցէք յառաջիկայի աշխատանքներուն համար:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ բարեկամի մը հետ անպատեհ խնդիր մը ունեցած էք, եղածը հաշտ տրամադրութեամբ մոռնալու համար առաջին քայլը դուք առէք ներողամտութեամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սիրուած անձ մըն էք աշխատանքի մէջ, նոյնպէս` ընկերային շրջանակի մէջ: Այս երեկոյ մի՛ բացակայիք այն հաւաքոյթէն, ուր ձեր ներկայութիւնը կը սպասեն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեռային աշխատանքներ, տնային պարտականութիւններ ձեզի պիտի արգիլեն ներկայ գտնուելու արուեստի վերաբերեալ հանդիսութեան մը ներկայ ըլլալու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուտելն ալ հաճոյք է կ՛ըսեն, բայց դուք գիտցէք, թէ ո՞ր մէկն է անհրաժեշտը ձեր մարմնին: Հեռու մնացէք իւղոտ եւ աղի-լեղի ճաշերէ: Պարզ եւ օգտակար ճաշակելիքներ ընտրեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր կալուած մը գնելու տրամադիր էք, սակայն երկմտութիւնը կ՛արգիլէ նախաձեռնութիւնը: Այս պարագային սպասեցէք, մինչեւ որ հարցը յստականայ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը կատարեցէք առանց մոռացութեան տալու: Օրը օրին կատարեցէք զայն, որպէսզի արժանանաք գնահատանքի: Ձեր կարգին գոհունակութիւն կ՛ունենաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եղածին ու չեղածին մասին մտմտուքներ ունիք: Մէկ կողմ դրէք զանոնք, որպէսզի ձեր օրը անցնի խաղաղ: Սին հարցեր մի՛ ստեղծէք առանց պատճառի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ քնացէք, քունը թարմ կը պահէ ձեր յիշողութիւնը, կ՛արգիլէ մոռնալը: Նոյն ատեն կը զօրացնէ դիմադրականութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Որքան որ կրնաք, ուշադիր եղէք ձեր վարուելակերպին, մանաւանդ եթէ փոքր զաւակներ ունիք: Հետեւեցէք անոնց առողջ դաստիարակութեան զարգացման:

Share this Article
CATEGORIES