50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1964)

Տոմսեր

Դուրսը` Կաճառնե՜ր,
Ներսը` Սպանդանոց…

Տարիներէ ի վեր Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա) կը գումարուի զինաթափութեան միջազգային համաժողով մը, որ ամէն տարի եւ կանոնաւորաբար… ձախողութեամբ կը վերջանայ: Պատուիրակները իրենց երկիրները կը վերադառնան թարմանալու եւ… խօսելու նոր ուժ հաւաքելու, ապա վերստին սկսելու համար զինաթափութեանց բանակցութիւններուն` Ժընեւի մէջ…

Այս տարի թեթեւ յոյս մը գոյութիւն ունի զինաթափութեան գործի յաջողութեան մասին: Սակայն, ահա՛ մասնագէտ հեղինակ մը` Էմիլ Պընուա, որ հատորով մը կը բացատրէ հանրութեան… զինաթափութեան վնասները:

Է. Պընուայի պատրաստած վիճակագրութեան համաձայն, Ամերիկայի յիսուն նահանգներէն 25-ը տնտեսական կարեւոր շահեր ունին զէնքերու պատրաստութեան մէջ եւ անոնք մղձաւանջի պիտի մատնուին, եթէ զինաթափութեան գեղեցիկ երազը իրականանայ: Աւելի քան 7.3 միլիոն ամերիկացիներ կ՛ապրին սպառազինման ծրագրին շնորհիւ…

Պարագան նոյնն է, եւ` շատ աւելի լուրջ, նաե՛ւ Խորհրդային Միութեան համար, նկատելով, որ այդ երկրին տնտեսութիւնը… թոփ-թֆանկ-ի շինութեան վրայ հաստատուած է` ի սկզբանէ կարմիր յեղափոխութեան: Եւ թէեւ լուսին երթալու միջոցներուն մասին կը մտածեն, սակայն ուտուելիք եգիպտացորեն մը իսկ չեն կրնար արտադրել տակաւին:

Ի՞նչ ընել, ուրեմն: Զինաթափուիլ եւ անօթութեա՞ն դատապարտել միլիոնաւոր մարդիկ, թէ շարունակել զէնքերու շինութիւնը եւ ի վերջոյ պատերազմի միջոցով երկու հարցերն ալ հիմնովին… կարգադրել:

Զինաթափութեան այս գորդեան հանգոյցին լուծումը կա՛յ անտարակոյս. սակայն ժամանակի եւ մանրամասն պրպտումի կը կարօտի, կ՛ըսէ մասնագէտը. եւ կէս ձայնով կը պարզէ, թէ ինչո՛ւ ամէն տարի կը ձախողի Ժընեւի զինաթափութեան համաժողովը:

Պատուիրակները չեն համաձայնիր, որովհետեւ կը վախնա՜ն ստեղծելէ գործազուրկներու նոր բանակ մը, որ իր կարգին կրնայ գլխու փորձանք դառնալ, մեծ երկիրներու տնտեսութիւնը ցնցել եւ խաղաղութեան սպառնալ:

Մարդկութիւնը միշտ երկու սուրերու միջեւ կ՛ապրի, կ՛եզրակացնէ պատմագէտը: Համալսարաննե՜ր, համաժողովնե՜ր, ակադեմիանե՜ր ունինք, սակայն ասոնք արտաքին «ճակատ»-ը կը ներկայացնեն: Ետեւի դուռը… սպանդանոցի մը վրայ կը բացուի:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Երգիծանքը
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի կեդրոնը Խրուշչեւի արձանը պիտի զետեղուի: Սակայն ժողովուրդը բնաւ գոհ չի հունգար կառավարութեան այս որոշումէն, եւ Պուտափեշտի մէջ խօսակցութեան ընդհանուր նիւթը արձանն է:

Գաղտնի հաւաքոյթի մը ընթացքին ճառախօսները իրարու ետեւէ կը դատապարտեն կառավարութեան որոշումը: Միայն վերջին ճառախօսը, որ իմաստուն մէկը ըլլալ կը թուի, կ՛ըսէ.

– Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ չէք ուզեր, որ Խրուշչեւի արձանը դրուի մեր քաղաքին մէջ: Ամառը արձանը մեզի շուք պիտի ընէ, ձմեռը` մեզ պիտի պաշտպանէ հովերէն, իսկ բոլոր եղանակներուն Պուտափեշտի աղաւնիներուն կարելիութիւն պիտի տայ մեր բոլորին կողմէ խօսիլ իրեն հետ:

***

Ֆիտել Քասթրոյի գաղափարակից քուպացի մը եւ հարաւափրիկեցի մը կը զրուցեն:

– Մեր ազգային տնտեսութիւնը լաւ վիճակի մէջ չէր,- կ՛ըսէ քուպացին: – Բայց, հիմա որ մեծ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ օգնել մեզի, յոյս ունինք, որ ապագային լաւ պիտի ապրինք:

– Փոքր տարբերութեամբ մը մեր երկրին մէջ ալ այդպիսի բան մը եղաւ,- կը պատասխանէ հարաւափրիկեցին: – Ռուսերը մեր ազգային տնտեսութեան խառնուած էին եւ լաւ չէինք երթար: Սակայն, հիմա որ ռուսերը մեկնեցան, շատ աւելի լաւ կ՛ապրինք:

***

Ռուս քահանայ մը, Մոսկուայէն քիչ հեռու, ագարակի մը առջեւէն անցած ատեն կը տեսնէ, որ գիւղացի մը ծունկի եկած` կ՛աղօթէ: Զարմացած` կանգ կ՛առնէ եւ կը հարցնէ անոր.

– Ի՞նչ բանի համար կ՛աղօթէիր, հայրենակի՛ց:

– Աստուծմէ խնդրեցի, որ լաւ օդեր ընէ, որպէսզի մեր ցորենը հասնի:

– Անշուշտ, ո՛չ այս տարուան, այլ` յառաջիկայ տարուան բերքին համար,- կ՛աւելցնէ քահանան:

– Ո՛չ, տէր հայր, ա՛յս տարուան համար: Բայց ես Աստուծմէ այստեղի համար չէ, որ լաւ օդեր խնդրեցի, այլ` Ատլանտեան ովկիանոսին համար, որպէսզի Ամերիկայէն եւ Քանատայէն մեզի ցորեն բերող նաւերուն բան մը չպատահի,- կը յարէ գիւղացին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES