Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին
Ուրբաթ, 7 փետրուար – չորեքշաբթի, 12 փետրուար 2014-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Պոսէի Աստուածաբանական կազմաւորման կեդրոնին մէջ, Ժընեւ-Զուիցերիա, գումարուեցաւ ԵՀԽ-ի Գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու):
Ժողովականներ քննարկեցին հոկտեմբեր 30 – 8, նոյեմբեր 2013-ին, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորէա, գումարուած ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովին տրուած որոշումները եւ ըստ այնմ մշակեցին ԵՀԽ-ի յառաջիկայ տարիներու գործունէութիւնը` որպէս առաջնորդող մտածում որդեգրելով «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն»-ը:
Առաջին երկու օրերուն եւ վերջին օրը ժողովականներ իրենց քննարկումները լիակատար նիստերով կատարեցին, իսկ միւս օրերուն փոքր խմբակներու բաժնուեցան: Նարեկ սրբազան մաս կազմեց ծրագիրներու խմբակին:
Կիրակի, 9 փետրուարին, ժողովականներ Ժընեւի զանազան եկեղեցիներուն մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններու մասնակցեցան: Իսկ երկուշաբթի, 10 փետրուարին այցելեցին ԵՀԽ-ի կեդրոնատեղին եւ պաշտօնէութեան հետ հանդիպումներ ունեցան:
ԵՀԽ-ի Գործադիր վարչութեան յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի նոյեմբեր 2014-ին:

