«Մինի Քերմես»
Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէնութիւնը, կիսամեայ քննութեանց աւարտին, նախորդ տարուան նման, այս տարի եւս դպրոցի, Ծնողական խորհուրդի գործակցութեամբ, կազմակերպեց «Մինի քերմես» մը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:
Աշակերտները առաւօտ կանուխ դպրոց եկան մեծ ուրախութեամբ. անոնք օրերէ ի վեր անհամբեր կը սպասէին այս ձեռնարկին:
«Մինի քերմես»-ը ընդգրկեց խաղեր եւ պարեր. խաղեր, որոնք աշակերտները կը մղեն զարգացնելու իրենց միտքը եւ գործածելու իրենց զգայարանները: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր նախասիրած խաղը խաղաց եւ յաղթական կէտեր ստացաւ: Խաղերու կողքին, անոնք պարեցին, երգեցին եւ հաճելի ժամեր անցուցին:
Իսկ Ծնողական խորհուրդը պատրաստեց համեղ ուտեստեղէններ, որոնք մատուցուեցան մասնակիցներուն:
Տեղին է յիշել նաեւ, որ աշակերտներուն այտերը ներկուեցան գեղեցիկ գծագրութիւններով: Ձեռնարկի աւարտին աշակերտները ստացան յիշատակի նուէրներ:
Ապա Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկ վառեցաւ. աշակերտները խարոյկին վրայէն ցատկեցին, անոր շուրջ երգեցին եւ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
Այդ օրը Քառասնից Մանկանց ազգային վարժարանի աշակերտութեան համար եղաւ անմոռանալի եւ զուարճալի օր մը:

