Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Ծառատնկում` Ի Յիշատակ Արցախեան Նահատակ Ազատամարտիկներու

khatchՓետրուար ամսուան ընթացքին հայ ժողովուրդը խորհրդանշական թուականով մը կը նշէ Արցախեան ազատագրական պայքարի շարժման սկիզբը: Այս առիթով,  ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը նախաձեռնած է ծառատնկումի արշաւի մը, որ կը նպատակադրէ նախ կենսոլորտի մարզին մէջ քաջալերել աշակերտը յարգելու ու պահպանելու բնութիւնը եւ ապրելու մաքուր բնութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը միտի հայ աշակերտը կամրջել հայրենիքին` յաւերժացնելով  յիշատակը այն քաջարի ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի հայրենիքը գոյատեւէ, եւ հայը ապրի իր ազատ ու անկախ երկնքին տակ:

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ի առաւօտեան Ս. պատարագէն ետք, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հերոս Մոնթէ Մելքոնեանին  յիշատակը անմահացնող ծառի տնկումը, ներկայութեամբ ՋԱՀ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Գառնէշեանին, որ իր առած խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «պատմութեան ընթացքին հայերը տեսան շատ պատերազմներ, չարչարանքներ, նոյնիսկ բնութեան աղէտներ, բայց մնացին միշտ բռունցքուած` շնորհիւ իրենց կամքին ու նուիրումին»: Ան նշեց. «Հայրենիքի սիրոյն պատերազմի դաշտ գացին ու զոհուեցան մեր լաւագոյն տղաքը, եւ անոնց նահատակութեամբ թշուառ եւ անտէր Հայաստանը դարձաւ ազատ ու անկախ եւ այսօր ունի հզօր պետականութիւն եւ բանակ»: Յ. Գառնէշեան նշեց. «Մենք կը խոնարհինք ինկած մարտիկներու յիշատակին առջեւ, որոնց շարքին Մոնթէ Մելքոնեանը իւրայատուկ կարեւորութիւն կը զգենու, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ  սփիւռքահայութեան բերած ներդրումը` հողին կանչին հանդէպ»:

Ծառատնկումը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Ս. Խաչ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին, վարժարանի ճարտարապետ Առաքել Մինասեանին եւ դպրոցին կրտսերագոյն եւ բարձրագոյն կարգերէն երկու աշակերտներու:

Ռ. Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՋԱՀ յանձնախումբին, որ ունեցաւ այս շինիչ գաղափարը` հայ աշակերտը առնչուած պահելու Ջաւախքին, Արցախին եւ Հայաստանին հետ: Տնօրէնը վեր առաւ ազատամարտիկներու անմնացորդ եւ բոլորանուէր ազգասիրութիւնը, մէջբերեց Մոնթէի մասին տրուած օրինակելի վկայութիւններ` նշելով, որ անոնց յիշատակին նուիրուած այս ծառը իւրաքանչիւր օր աճելով հայ աշակերտին մէջ աւելի եւս պիտի արմատաւորէ ազգային գիտակցութեան ոգին:

11-րդ դասարանի աշակերտուհի Արինա Թէփիրճեան բանաստեղծութիւն մը նուիրեց ինկած հերոսներու յիշատակին, ապա երգի ուսուցիչ Սոնիկ Փամպուքեան «Տէր ողորմեա» շարականով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած: Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի պահպանիչով եւ տէրունական աղօթքով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )