Փոխադարձ Երախտագիտութեան Եզակի Առիթ Պարէտ Մարոնեանի Հետ (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)

Հ. Պ.

Bared-Maronian_CHS1Անցնող շաբաթներուն, լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ հոգեցունց եւ հոգեպարար պահեր, երբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի հրաւէրով իր ծննդավայրը ժամանած բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան ներկայ գտնուեցաւ իր իսկ պատրաստած «Ցեղասպանութեան որբերը» (Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ) ժապաւէնի ցուցադրութիւններուն:

Նախաձեռնութիւնը կը միտէր լիբանանահայ գաղութը իրազեկ պահել նման իւրայատուկ աշխատանքէ եւ ըստ արժանւոյն գնահատել հայրենասէր ու պահանջատէր բեմադրիչը:

Փաստօրէն, իր բնոյթով, շօշափած նիւթով թէ մատուցման եղանակով պատրաստուած ժապաւէնը ո՛չ միայն կրցաւ ստեղծել հայաբորբ հետաքրքրութիւն, այլ նաեւ արժանացաւ բոլորի գնահատանքին, յուզախառն ուշադրութեան եւ ջերմեռանդ յարգանքին:

Bared-Maronian_CHS2Յայտնապէս, ի խորոց սրտէ եւ առանց բացառութեան, ժապաւէնի  հեղինակ Պարէտ Մարոնեան մեծարուեցաւ ամբողջ լիբանանահայութեան կողմէ` իբրեւ արտայայտութիւն գորովագութի եւ խանդաղատանքի խոր գիտակցութեան` անոր հայավայել, ստեղծագործ եւ մարդասէրի նախաձեռնութեան համար:

Միւս կողմէ, իր կարգին, Պարէտ Մարոնեան իրեն ընծայուած այս պատեհ առիթէն օգտուելով այցելութիւն մը տուաւ այն վարժարանը, ուր հասակ առած, գիտելիք ամբարած եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած էր տարիներ շարունակ:

Արդ, իբրեւ շրջանաւարտ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Պարէտ Մարոնեանի այցելութիւնը (22 յունուար 2014) զգեցաւ եզակի բնոյթ. ան իր սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց իր վարժարանին, որուն կը պարտէր իր հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը:

Վաստակաւոր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան հիւրընկալուեցաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեանի եւ ուսուցիչներու կողմէ:

Բարեկամական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ան վերյիշեց իր դպրոցականի տարիները, խօսեցաւ իր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, ասպարէզին եւ ընտանեկան կեանքին մասին:

Հանդիպումի աւարտին վարժարանի տնօրէնը յուշանուէրով մը պատուեց հայազգի բեմադրիչը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն, վերանորոգ ուժ եւ յաւելեալ նուաճումներ` իր ողջ կեանքին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES