«Հայրենիք-Աշակերտ Յարաբերութիւնները Եւ Երկքաղաքացիութեան Օրէնքը» Նիւթով Միջդպրոցական Դ. Սեմինար
Գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, այսօր շաբաթ, 8 փետրուար 2014-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական աշակերտական միօրեայ Դ. սեմինարը, որուն նիւթն էր «Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւնները եւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը», մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու ներկայացուցիչներուն:
Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի ատենապետ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտին գոյատեւման նպաստող կարեւոր ազդակ է ազատ հայրենիքը եւ այս առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացիութեան օրէնքը առաւել եւս կ՛ամրացնէ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ լիբանանահայ աշակերտը ընկերութեան զարգացման մէջ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը, եւ այս առնչութեամբ պէտք է գիտակցօրէն եւ գործնական միջոցներով մասնակից դառնայ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն զարգացման աշխատանքներուն: Կ. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, սեմինարի դասախօսներուն եւ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղաւ իրականացնել նշեալ նախաձեռնութիւնը:
Իր կարգին, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայաստանի անցած ուղին, պետութեան գործունէութիւնն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն ընթացքը: Ա. Քոչարեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է հիւրընկալելու հայ աշակերտները, սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ամէնամեայ ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան հայրենիքին: Դեսպանը մեծապէս գնահատեց 75-ամեայ Մեսրոպեան վարժարանին աշխուժ եւ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, որ հանրակրթական իմաստով ունի իր իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու արժէքը:
Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր Շահան Գանտահարեան, որ ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացիութեան օրէնքը եւ անոր համահայկական արժէքը» նիւթը: Զեկուցումէն ետք, աշակերտները ամբողջացուցին խմբակին պատրաստած հարցախոյզը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Հայաստանի մասին տեսերիզ մը:
Օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր Նազարէթ Ճէրէճեան, որ խօսեցաւ հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւններուն կարեւորութեան եւ ընդհանուր միջոցներուն մասին: Աշակերտները հարցումներով եւ տեսակէտներով իրենց մասնակցութիւնը բերին զեկուցումներուն:
Ճաշի դադարէն ետք, սեմինարին մասնակիցները բաժնուեցան 4 խումբերու: Իւրաքանչիւր խումբ ստանձնեց նիւթ մը` Հայաստանի նուիրուած ձեռնարկի մը յայտագիրի պատրաստութիւն, հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ արհեստագիտական միջոցները, երկքաղաքացիութեան օրէնքին քարոզչութեան եղանակները եւ աշակերտներու Հայաստանագնացութեան ծրագիր: Խմբային աշխատանքներուն յաջորդեց խումբերուն ներկայացումները, որոնք աշակերտներուն կողմէ քննութեան առարկայ դարձան:
Աւարտին, ներկայացուեցաւ հարցախոյզին արդիւնքները: Սեմինարը փակուեցաւ ժամը 4:00-ին:

