Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Գնահատէ «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Գործունէութիւնը

Khatchig-Babikian-fundԵրկուշաբթի, 10 փետրուար 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի հայոց պատմութեան, կրօնի, գրականութեան, ասմունքի եւ մենակատարութեան մրցանքներու դատակազմերու անդամները: Կաթողիկոսը նախ գնահատեց անոնց կատարած նուիրեալ աշխատանքը, ապա շեշտեց հայ մշակութային արժէքները պահելու, հարստացնելու ու տարածելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: «Ա՛յս առաքելութեան նուիրուած է «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամը, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ անցնող տարիներու ընթացքին «Պապիկեան» հիմնադրամը կարեւոր ներդրում կատարած էր այս աշխատանքին մէջ: Առաւել նուիրումով պէտք է շարունակուի հիմնադրամի մշակութային առաքելութիւնը` արժեւորելով կատարուած աշխատանքը ու նոր ծրագիրներ մշակելով` միշտ հաւատարիմ մնալով հայ մշակոյթի իւրայատուկ ինքնութեան:

Ապա վեհափառ հայրապետը լսեց ներկաներուն արժեւորումը հիմնադրամի գործունէութեան գծով, անցնող տարիներու ընթացքին: Որոշուեցաւ, որ 2015-ին յիշեալ աշխատանքներուն կիզակէտը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Share this Article
CATEGORIES