Թրիփոլիի Մէջ Ապահովական Կացութիւնը Կը Վատթարանայ Ապտել Ռահման Տիապի Սպանութեան Պատճառով

tripoli-20022014Երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի մէջ սպաննուեցաւ Ապտել Ռահման Տիապը, որ ծանօթ է իբրեւ Ապպուտի Նաուասի: Ապտել Ռահման Տիապ Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները պայթումի թիրախ դարձուցած երկու ամբաստանեալներէն Եուսեֆ Տիապի հայրն է եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան զինուորական պատասխանատուներէն մէկը:

Տիապի սպանութենէն անմիջապէս ետք, արդէն իսկ ապահովական իմաստով փոթորկոտ գիշեր մը ապրած Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի շրջաններուն միջեւ դարձեալ սաստկացան կրակոցները, եւ վերսկսաւ արձակազինութիւնը:

Ապահովութեան ուժերը փակեցին Պատտաուի-Մանքուպին փողոցը:

Թրիփոլիի մէջ դպրոցներուն մեծ մասը փակ մնաց: Այլ դպրոցներու պարագային, բանակի զրահապատները օժանդակեցին, որ աշակերտները ապահով կերպով իրենց բնակարանները տեղափոխուին:

Աւելի ուշ, Մալլուլէի կամուրջին վրայ «Փեփսի» ընկերութեան բեռնատարներէն մէկուն վարորդը զոհուեցաւ արձակազէնի մը փամփուշտով, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան ութ վիրաւորներ, որոնց շարքին` երեխայ մը:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ կուսակցութեան պատասխանատուները  հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ տեղի ունեցաւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նիստին ընթացքին կուսակցութիւնը քննարկեց զինուորական իր պատասխանատուներէն Ապտել Ռահման Տիապի սպանութեան թղթածրարը, ապա բանակին ու ապահովութեան ուժերուն 48 ժամուան պայմանաժամ ճշդեց` բացայայտելու եւ ձերբակալելու համար Տիապը սպաննող կողմերը:

Յանցագործները չյանձնելու պարագային կուսակցութիւնը սպառնաց Թրիփոլիի մէջ բուռն բախումներու դուռ բանալ:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր հրահանգեց զինուորական ոստիկանութեան հետաքննութիւն բանալ եւ բացայայտել Տիապը զգետնող յանցագործները:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ դատապարտեց Տիապի սպանութիւնը եւ իր ցուցմունքները տուաւ` ձերբակալելու զայն սպաննող ոճրագործները:

Սալամ շեշտեց, որ Ապտել Ռահման Տիապի սպանութեան նպատակն է Թրիփոլին դէպի իրարանցում առաջնորդել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES