Պըրրի Ալպանիոյ Մէջ Կը Քննարկէ Փոխադարձ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարելիութիւնը

Մեթթա եւ Պըրրի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ալպանիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ալպանացի իր պաշտօնակիցին` Իլիր Մեթթայի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ալպանական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ` Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մարզերու վերաբերող փոխադարձ համաձայնագիրներու ստորագրութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի եւ Ալպանիոյ խորհրդարանի նախագահը ունեցան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
Պըրրի յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է Ալպանիոյ պատասխանատուներուն փոխանցել Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան պատկերը եւ միջինարեւելեան տարբեր երկիրներուն, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի դէմ կատարուող ահաբեկչական յարձակումները:
Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքին եւ անոր անկախ պետութեան հիմնումին:
«Լիբանանը եւ Ալպանիան Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական լիկային մօտ պիտի ջանան եւրոպական-արաբական մերձեցում յառաջացնել», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Մեթթա բարձր գնահատեց տասնեակ տարիներ ետք լիբանանցի պատասխանատուի մը կողմէ Ալպանիա կատարուած այցելութիւնը. ան շեշտեց, որ Պըրրիի այցելութեան հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնը ամրապնդել:
Մեթթա շնորհաւորեց Պըրրին նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ շեշտեց, որ անիկա լաւ առիթ մըն է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:
Մեթթա ընդգծեց նաեւ, որ յառաջացած է լիբանանեան-ալպանական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբ մը, որ պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւման:

