Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը Կը Շարունակուի

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբը, երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր երկրորդ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Պութրոս Հարպ, Ժըպրան Պասիլ, Սըժաան Քազզի եւ Նուհատ Մաշնուք, իսկ նախարար Աքրամ Շեհայէպ փոխարինեց յանձնախումբի անդամ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` անոր ճամբորդութեան պատճառով:
Նիստին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան հիմնական երեք հարցեր` երկրին տնտեսական իրավիճակը, քարիւղի հանքերու պեղման հարցը եւ ահաբեկչութեան դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Յանձնախումբը սկսաւ քննարկել Դիմադրութեան վերաբերող կէտը. նիստը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 9:30-ին, եւ որոշուեցաւ այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին շարունակել ծրագիրի կէտերուն քննարկումը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի շեշտեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ ուղղուած պատգամ մըն է, թէ ահաբեկչութիւնը մերժելի է:
Փլամպլի հաստատեց, որ ՄԱԿ կտրականապէս կը մերժէ ահաբեկչական արարքները: Ան աւելցուց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի լիբանանեան բանակը զինելու առումով:
Փլամպլի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անպայման գործադրել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը տիրող կացութիւնը` ընդգծելով խաղաղութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան` շեշտելով, որ երկրին բանակը իր կարգին կը զօրակցի այդ ուժերուն հետ` գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, Լիբանանի մէջ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Մարոքի դեսպաններ Ռաատ Ալուսի, Ալի Ապտել Քերիմ Ալի եւ Ալի Օմլիլ:
Նշենք, որ Սալամ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ շեշտած էր, թէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պէտք է շուտով մշակուի, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ կառավարութիւն մը կազմելու համար համաձայնութիւն գոյացուցած քաղաքական ուժերը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի չարգելակեն:
Վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ եռամսեայ կառավարութիւնը պիտի ջանայ, որ նախագահական ընտրութիւնները կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Սալամ ընդգծեց միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը` թօթափել կարենալու համար Լիբանանը հարուածող աղէտները:

