Նախագահ Սլէյման Ողջունեց Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Դատական Իշխանութիւններուն Աշխատանքը

Նախագահ Սլէյման եւ դատախազ Համմուտ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ողջունեց ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքն ու ջանքերը` Լիբանանն ու լիբանանցիները հարուածող ահաբեկչական թղթածրարներուն հետ վարուելու իմաստով:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտի հետ:
Քննարկուեցան ահաբեկչական գործողութիւններուն եւ ծրագիրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սլէյման առաջարկեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ` հիմք ունենալով Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին իր ներկայացուցած պաշտպանութեան ռազմավարութեան տարբերակը, որ կը բովանդակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու յատուկ պարբերութիւն մը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վերածուած է լիբանանեան ազգային կարիքի:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, որ քննարկեց նախարարութեան աշխատանքները` ներկայութեամբ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզի:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ գրգռութիւններ հրահրող բառամթերքը հակակշիռի տակ առնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Նախագահական պալատ այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի, Աւետարանական համայնքի պետ վեր. Սելիմ Սահիունի, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ Մըսպահ Ահտապ եւ Ժամալ Իսմայէլ:

