Պիր Հասանի Անձնասպանական Գործողութիւններուն Հեղինակներէն Մէկն Է Նիտալ Մղայյար

dahiye9Երէկ կէսօրին Պիր Հասանի ճամբան բացուեցաւ եւ համապատասխան դատախազութեան արտօնութեամբ կարելի եղաւ պայթումին վայրին մէջ գտնուող վնասուած ինքնաշարժները վերցնել:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ հաստատեց, որ պաղեստինցի Նիտալ Մղայյար Պիր Հասանի անձնասպանական գործողութիւններուն հեղինակներէն մէկն է` նկատի ունենալով, որ անոր հօր կատարած «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւնները համապատասխան դուրս եկած են:

Նշենք, որ Մղայյար ընտանիքի անդամները հարաւային Լիբանանի Պայսարիէ գիւղաքաղաքի բնակիչներէն են, եւ անոնց բնակարանը նախանցեալ երեկոյեան հրկիզուած էր կարգ մը երիտասարդներու կողմէ, որոնք ընդվզած էին անոնց զաւկին գործած արարքէն:

Պէտք է աւելցնել, որ Նիտալ Մղայյարի ծնողքը լքած են Պայսարիէն` շեշտելով, որ իրենց զաւակը Ահմետ Ասիրի կողմէ ուղեղալուացումի ենթարկուած էր:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի դէմ գործուած ահաբեկչական ծրագիրները եւ կոչ ուղղեց պահպանելու երկրին ազգային միասնականութիւնը:

Ապահովութեան խորհուրդը բարձր գնահատեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու Լիբանանի կառավարութեան յանձնառութիւնը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին դատապարտեց Պէյրութի զոյգ պայթումները, կոչ ուղղեց համախմբուելու Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան շուրջ եւ նեցուկ կանգնելու անոր աշխատանքներուն:

Քի Մուն դրուատեց նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` ահաբեկիչներուն դէմ մղուած պայքարին առումով:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական կառոյցներէն, կը գրէ, թէ Հարաւային արուարձանները հարուածած նախանցեալ օրուան պայթումները պատահած են խիստ ապահովական գօտի նկատուող շրջանի մը մէջ` աւելցնելով, որ այդ գործողութեան թիրախը կուսակցութեան մը պատասխանատուն էր:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, գրեց, թէ ապահովական այդ ծրագիրին նպատակն էր անձնասպանական շարք մը գործողութիւններ կատարել:

«Իրանեան մշակութային կեդրոնին շրջակայքը որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումները նպաստեցին, որ անձնասպանական գործողութիւններուն հեղինակները շփոթի մատնուին եւ իրենց գտնուած վայրերուն մէջ կատարեն ահաբեկչական գործողութիւնը: Մինչ այս գործողութիւնները կը կատարուէին, երրորդ անձ մը, որ իր կարգին կը պատրաստուէր անձնասպանական գործողութեան մը, ձերբակալուեցաւ եւ անոր օգտագործելիք ականուած ինքնաշարժը տեղւոյն վրայ վնասազերծուեցաւ: Ձերբակալեալը հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի: Միւս կողմէ, Հըզպալլա ձերբակալեց նաեւ չորս սուրիացիներ, որոնք արդի քամերաներով պայթումին վայրը կը նկարէին», նշուեցաւ «Ժումհուրիա»-ի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES