Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Քասփրչիքի Հետ Քննարկած Է Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակը

Քասփրչիք եւ Հասանով
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Զաքիր Հասանով ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպումին ընթացքին անոնք կարծիքներ փոխանակած են սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին մասին` դատելով կատարուած մնայուն դիտարկումներու արդիւնքներէն, քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու հեռանկարին առնչուող հարցեր:
CATEGORIES Հայկական

