Քոնկրեսականներ Միացան Ընկերային Ցանցերուն Վրայ Գուրգէն Մարգարեանի Սպանութեան 10-ամեակին Նուիրուած Բողոքի Նախաձեռնութեան
Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութենէն 10 տարի անց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Սիսիլայն եւ Քոնկրեսին մէջ Հայաստանին աջակցող խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնէ միացան աշխարհի հայերուն` դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ներումը եւ հերոսացումը:
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը «Արմէնփրես»-ին փոխանցեց, որ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայերը եւ բարեկամները ընկերային ցանցերու` «Թուիթըր»-ի, «ֆէյսպուք»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի իրենց էջերուն վրայ կատարած են գրառումներ` բարձրացնելով միջազգային հանրութեան իրազեկութիւնը մարդասպան Սաֆարովի կատարած դաժան ոճրագործութեան եւ արտայանձնումէն ետք հայրենիքի մէջ հերոսացման մասին: «Ազրպէյճանցի զինուոր Ռամիլ Սաֆարովին երբեք պէտք չէ ներում շնորհուէր հայ բանակի սպան կացինահարելուն համար», յայտնած է Էտըմ Շիֆ:
Քոնկրեսական Սիսիլայն արձագանգած է. «Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութեան 10-րդ տարելիցին մենք կը յարգենք անոր յիշատակը եւ կրկին յանձն կ՛առնենք արդարադատութեան հասնիլ Մարգարեանի համար»: Արդարադատութեան կոչ կ՛ուղղէ նաեւ քոնկրեսական Փալոնէ` նշելով, որ Սաֆարով պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի իր կատարած ոճրագործութեան համար: 19 յունուարին` Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան օրը, «Թուիթըր» ընկերային ցանցը լի էր «Արդարութիւն Մարգարեանի համար», «Գուրգէն» հաշթակներով:

