Լեհահայ Համայնքը Զուիցերիոյ Կոչ Ուղղած Է Բողոքարկելու Փերինչեքի Հարցով Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Վճիռը
Մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լեհաստանի հայ համայնքը տխրահռչակ Տողու Փերինչեքի հարցին առնչութեամբ նամակ յղած է Լեհաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Պեկլինկերին: Նամակին մէջ, որուն տակ ստորագրած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ լեհահայոց հոգեւոր հովիւ Տաճատ աբղյ. Ծատուրեան եւ Լեհաստանի մէջ գործող եօթը հայկական կազմակերպութիւններու նախագահները` Հրաչեայ Պոյաճեան (Հայ-լեհական հասարակական կոմիտէ), Ադամ Թերլեցքի (Հայ մշակութային ընկերութիւն), Քաթաժինա Յովսէփեան (Լեհ-հայկական հիմնադրամ), Արսէն Եդիգարեան (Լեհաստանի մէջ Լոձի հայկական համայնք), Մարթա Աքսենթովիչ Պոհոշիեւիչ («Հայկական մշակոյթով հետաքրքրուողներու շրջանակ» հիմնադրամ), Վարուժան Չոպանեան (Լեհաստանի մէջ Քիելցէի հայկական համայնք) եւ Յակոբ Պաղտասարեան(«Մուսա լեռ հայկական մշակութային կեդրոն» հիմնադրամ), մասնաւորաբար ըսուած է. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ընդամէնը մէկ տարի առաջ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը, թէեւ այս անգամ ոչ Երիտասարդ թուրքերու ձեռքով, նենգաբար մէկուկէս միլիոն հայերը հերթական անգամ սպաննել տուաւ… 10 հոկտեմբեր 2013-ին, Զուիցերիան որոշեց ամրապնդել իր յարաբերութիւնները` Թուրքիոյ հետ: Նոյն Զուիցերիան, սակայն, մինչեւ ընթացիկ տարուան 17 մարտը ժամանակ ունի` բողոքարկելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտողականութեան ճամբայ կը բանայ: Վերջապէս, յանուն եւրոպական արժէքներուն եւ արդարադատութեան` Զուիցերիոյ կառավարութիւնը պէտք չէ ենթարկուի թրքական կեղծ ու խարդախ քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներուն»:

