Հանդիպում` ՀՅԴ-ի Եւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական Խորհրդականներու Միջեւ

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Բրիտանական խմբակի կազմէն` Համայնքներու տան Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ Սթիվըն Փաունտի եւ Մայք Կէյփսի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցի լուծման, Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:

Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բրիտանացի պատգամաւորներուն` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու սերտացման գործին մէջ իրենց ջանքերուն համար:

Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES