Ռուստամեան. «Չի Բացառուիր, Որ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Հարցով Համաձայնութեան Չգանք»

Արմէն Ռուստամեան
Խորհրդարանական ընդդիմութեան երկար ժամանակէ ի վեր կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու գծով համաձայնութեան չգալը շատ հարցեր կը յառաջացնէ, որոնցմէ մէկը այն է, որ շատ հաւանաբար Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւնները համաձայնութեան չգան եւ հոլովոյթը կեանքի չկոչուի: Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան չբացառեց այդ տարբերակը` նշելով, որ ամէն ինչ ալ կարելի է, աւելի եւս, որ ուժերը նաեւ տարակարծութիւններ ունին:
«Ամէն ինչ ալ կարելի է, բայց սկիզբէն ի վեր մենք մէկ սկզբունքով առաջնորդուած ենք. եթէ չենք կրնար հեռանկարային աւելի մեծ օրակարգով համագործակցութեան գալ, ատիկա պէտք չէ խանգարէ յստակ քայլերով համաձայնութեամբ առաջ երթալ: Եւ ասիկա աւելի աշխատող տարբերակ է: ՀՅԴ-ն այդ սկզբունքին հաւատարիմ է, որովհետեւ աւելի դժուար պիտի ըլլայ մեծ օրակարգերու շուրջ համաձայնութեան գալ, քան յստակ հարցերու շուրջ: Եւ այս ստեղծուած որակը պահելը մեզի համար կարեւոր հարց է` իսկապէս քայլ-քայլ առաջ երթալը պէտք է պահպանենք իբրեւ սկզբունք եւ ատիկա պէտք չէ դիտուի իբրեւ համագործակցութեան խաթարում եւ այլն: Տարակարծութիւնները իսկապէս շատ են եւ անոր մասին միշտ ըսած ենք, որովհետեւ այնպէս չէ, որ եթէ կայ համաձայնութիւն, ապա մնացեալ բոլոր հարցերուն շուրջ ալ համաձայն ենք: Բայց այդ տարակարծութիւնները չսրելն է, որ մեր հիմնական մարտավարական խնդիրն է եւ պէտք չէ խանգարէ քայլ-քայլ առաջ երթալուն», ընդգծեց Ա. Ռուստամեան:
Ըստ պատգամաւորին, այսօրուան իրողութիւնները այնպիսին են, որ Հայաստանի մէջ նոյնիսկ ամէնէն պարզունակ հարցը լուծելու համար անհրաժեշտ է իշխանութիւն փոխել, քանի որ այդ հարցին լուծումը անընդհատ կը ձախողցնեն ու կը մտցնեն փակուղի, ինչ որ աւելի ու աւելի կը համոզէ հասարակութիւնը, որ քանի այս իշխանութիւնները չեն հեռացած, երկրին մէջ ոչ մէկ հարց կը լուծուի: Իբրեւ օրինակ ան նշեց նաեւ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջարկուող «Նայիրիտ»-ի հարցով ստեղծուելիք ժամանակաւոր յանձնախումբի հիմքին մէջ ինկած մտահոգութիւնները, որոնց շարքին նաեւ կը տեսնեն կառավարութեան, իշխանութեան հետ կապուած անհանգստացնող միտումներ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթին, ապա անոր մէջ Ռուստամեան բարկութիւն տեսած է, ինչ որ, ըստ իր գնահատականին, կը նշանակէ, որ «մեր վիճակը լաւ չէ» եւ որ «մեր նախագահը արդէն այդ բարկութեան մէջ է»:
«Այն գնահատականները, որոնք հնչեցին® ինծի կը թուի, որ հանրապետութեան նախագահը թիւրիմացութեան մէջ կը ձգեն իր շրջապատին մէջ գործող մասնագէտները: Որովհետեւ նախագահը պարտաւոր չէ խորութեամբ բոլոր մարզերուն նրբութիւնները պատկերացնել, գնահատել իբրեւ մասնագէտ` ոչ մէկ նախագահ այդ մեծ տեսադաշտը ունի եւ չի ալ կրնար ունենալ: Ուրեմն` ինք շատ կը հաւատայ իր խորհրդատուներուն, իսկ զանոնք մենք այստեղ կը տեսնենք` Ազգային ժողովին մէջ: Թող գան մեզի հետ խօսին, անոնք այստեղ կու գան կը ձախողին, պատասխաններ ալ չեն տար», ըսաւ ան:
Ռուստամեան նշեց նաեւ, որ Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարը շատ քիչ կը նմանէր այդ միութեան համագումարին. «Աւելի շատ կը նմանէր հասարակական կազմակերպութեան` հարցում ու պատասխան, բայց ոչ համագումար»:

