Յետաձգուեցաւ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Հարցին Քննարկումը
Երէկ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւններու` ՀՅԴ-ի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսի եւ Ժառանգութեան երրորդ նիստը` կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցին վերաբերեալ:
Քննարկման մասնակցեցան ՀՅԴ-էն` Արմէն Ռուստամեան ու Արծուիկ Մինասեան, Բարգաւաճ Հայաստանէն` Նայիրա Զոհրաբեան ու Վարդան Օսկանեան, Ժառանգութենէն` Թեւան Պօղոսեան, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսէն` Լեւոն Զուրաբեան:
Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ նիստին աւարտէն ետք որոշուեցաւ յետաձգել կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու մասին հարցի քննարկումը:
Ան նաեւ նշեց, որ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական խմբակցութիւնները խորհրդարանին մէջ կազի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան առաջարկին վերաբերեալ իրենց առաջարկները ունին, որոնք պիտի ներկայացուին խորհրդարանի նախագահին մօտ տեղի ունենալիք խորհրդակցութեան ընթացքին.
«Իւրաքանչիւր խմբակցութիւն համաձայնական կառավարութեան առաջարկած նախագիծին վերաբերեալ ունի իր առաջարկները, որոնք այսօր` աւելի ուշ Ազգային ժողովի նախագահին հետ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպման ժամանակ պիտի ներկայացուին»:
Մեծամասնութեան կողմէ ներկայացուած նախագիծին եւ ընդդիմութեան նախագիծին մէջ որոշակի անհամաձայնութիւններ կան: Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Ազգային ժողովի նախագահին մօտ տեղի ունենալիք խորհրդակցութեան ընթացքին պիտի քննարկեն մեծամասնութեան եւ ոչ իշխանական ուժերուն կողմէ ներկայացուած նախագիծերը` փորձելով համաձայնութեան գալ բարձրացուած հարցերուն վերաբերեալ:

