Պալատի Կեանքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

balad-1Լաֆֆոն ընտանիքը կ՛ապրի պալատի մը մէջ Ֆրանսայի Լուար շրջանին մէջ: Անոնք մեզ կ՛ընդունին իրենց «տան» մէջ:

Սկիզբը Լաֆֆոն ընտանիքը կ՛ապրէր տան մը մէջ, Ֆրանսայի Թուր քաղաքին մէջ: Տասնմէկ տարիներ առաջ ընտանիքին հայրը` Ժերօ իր ծնողքէն կը ժառանգէ այս պալատը: Ամբողջ ընտանիքը կ՛որոշէ ձգել Թուրը եւ հաստատուիլ այս «տան» մէջ:

Ժերօ կը լքէ իր գործը` իր կնոջ հետ պալատով զբաղելու համար: Գործը դիւրին չէ:

Արդի Յարկաբաժին Մը…

balad-2Պալատի մը սենեակները շատ մեծ են: Ձմրան հոն շատ ցուրտ կ՛ընէ: Լաֆֆոն ընտանիքը կը սկսի պալատին մէկ թեւին մէջ յարկաբաժին մը կահաւորել եւ հոն ապրելու պատրաստուիլ` ապահովելով ելեկտրականութիւն, ջուր, համակարգիչներ… Պալատին միւս բաժինները չեն տաքցուած: Կան նոյնիսկ բաժիններ, որոնք ամբողջովին գոց են, որովհետեւ առաստաղները կրնան փուլ գալ:

Անդադար Աշխատանքներ

balad-4balad-3Պալատի մը մէջ միշտ գործեր կան ընելիք: Այս աշխատանքներուն ծախսերը ապահովելու համար ծնողները այցելուներուն ամէնէն գեղեցիկ սենեակները կը պտտցնեն, սենեակներ վարձու կու տան: Սենեակները շատ են եւ զբօսաշրջիկներուն երազել կու տան իրենց վարագոյրներով, գորգերով եւ հին ժամանակուան կարասիներով:

Զբօսաշրջիկները ընդունելու համար ծնողները կ՛ուզեն, որ իրենց պալատը առաւելագոյնս գեղեցիկ ըլլայ: Գիշերը այցելուները կրնան հաւաքուիլ պատմական սրահի մը մէջ: Ապա անոնք մոմի լոյսի տակ կ՛ընթրեն: Ընտանիքին մայրը` Սթեֆանին ճաշերը կ՛եփէ: Երբեմն երեխաները իրենց ծնողները չտեսնելու տպաւորութիւնը կ՛ունենան, որովհետեւ անոնք շատ զբաղած կ՛ըլլան: Հետեւաբար անոնք իրենց ծնողներէն խնդրած են ամէն կիրակի գիշեր ընտանեկան հաւաքոյթ մը կազմակերպել:

Անհաւատալի Գանձեր

balad-5Ընտանիքին մեծ աղջիկը եւ մանչը` Թատտէ եւ Կույոն շատ կը սիրեն մառաններուն մէջ խաղալ: Հոն տարբեր ժամանակաշրջաններէ մնացած առարկաներ կան. գայլի թակարդներ, գրելու մեքենաներ… Անոնք իրենց նախահայրերուն հագուստներով կը ծպտուին եւ երբեմն գաղտնի թաքստոցներ կը գտնեն: Անոնք նոյնիսկ պահմտոցի կը խաղան ամբողջ պալատին մէջ: Այս պարագային, զիրար գտնելը դիւրին չ՛ըլլար…

 

Կրիան Եւ Նապաստակը

grya-1Ընտանի անասուններու մասնակցութեամբ դահուկարշաւ մը տեղի ունեցաւ Չինաստանի մէջ:

Երկրին կեդրոնը, Հենան շրջանի ձիւնով ծածկուած զառիվայրի մը վրայ կազմակերպուած այս մրցումին ընթացքին անասուններուն տէրերը իրաւունք ունէին իրենց անասունը դահոյկներու կամ սահնակի մը վրայ դրած` զանոնք առաջնորդել կապի մը միջոցով:

 

 

grya-3Մրցակիցներուն մէջ կային` շուներ, կատուներ, դեղին բադ մը, աքլոր մը: Վերջին հանգրուանին մնացին նապաստակ մը եւ կրիայ մը:

grya-2

 

 

 

 

Որովհետեւ նապաստակը կը նախընտրէր ցատկել առանց իր տիրոջ տուած հրահանգներուն, կրիան կրցաւ անոր անցնիլ: Առակը իրականութիւն դարձաւ:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 Չինաստանի մէջ «ֆիշ էնտ չիփսը» (ձուկ եւ տապկուած գետնախնձոր) շաքարով կը հրամցուի:


Չինաստանի մէջ «ֆիշ էնտ չիփսը» (ձուկ եւ տապկուած գետնախնձոր) շաքարով կը հրամցուի:

Ծովահէնները կը կարծէին, թէ օղերը իրենց տեսողութիւնը կը բարելաւէին:

Ծովահէնները կը կարծէին, թէ օղերը իրենց տեսողութիւնը կը բարելաւէին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երբ Այրիս Պեքըրի ծնողներ անոր չարտօնեցին ձի հեծնել սորվիլ, ան կով հեծնել սորվեցաւ:

Երբ Այրիս Պեքըրի ծնողներ անոր չարտօնեցին ձի հեծնել սորվիլ, ան կով հեծնել սորվեցաւ:

Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ Հիլիէր լիճը վարդագոյն է, եւ ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչո՞ւ: Նոյնիսկ երբ ջուրը անօթով մը մէջէն կ՛առնուի, անոր գոյնը միշտ վարդագոյն կը մնայ:

Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ Հիլիէր լիճը վարդագոյն է, եւ ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչո՞ւ: Նոյնիսկ երբ ջուրը անօթով մը մէջէն կ՛առնուի, անոր գոյնը միշտ վարդագոյն կը մնայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Փափուա Նիւ Կինէայի մէջ գոյութիւն ունին 842 տարբեր լեզուներ:
  • Հարաւքորէացի մեծ մայր մը 949 անգամ ձախողեցաւ քշելու արտօնագիրի գրաւոր քննութեան: Իսկ երբ վերջապէս ան յաջողեցաւ, անոր կը մնար յաջողիլ գործնական` քշելու քննութիւնը:
  • Եթէ դուն անդադար պոռացիր մէկ տարի, եօթը ամիս, 26 օր, 26 վայրկեան եւ 40 երկվայրկեան, պիտի կարենաս բաւարարաչափ ձայնային ուժանիւթ արտադրել գաւաթ մը սուրճ տաքցնելու համար:
  • Աւստրալիա ունի 23 միլիոն բնակիչ, եւ 120 միլիոն ոչխար:
  • Մրջիւնները կրնան շալկել իրենց ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանրութիւն: Մարդուն հետ բաղդատելով` կարելի պիտի ըլլայ ըսել, թէ մենք կարողութիւնը ունինք պզտիկ ինքնաշարժ մը շալկելու:
  • Անթարքթիքայի մէջ մրջիւն գոյութիւն չունի:
  • Ճանճերը իրենց ոտքերուն միջոցով է, որ համ կը զգան:
  • Կապոյտ կէտին լեզուն փիղէ մը աւելի կը կշռէ:
  • Կարգ մը ամպեր կրնան մինչեւ 25 փիղի չափ կշռել:
  • Կովը կրնայ մէկ օրուան ընթացքին մէկ լոգարան ջուր խմել:
  • Անգլիոյ Սիտնէյ Սասեքս քոլեճէն փոխ առնուած գիրք մը վերջապէս վերադարձուեցաւ 288 տարիներ ետք:
  • 2004 թուականին ամերիկացի Պրայն եւ Սթիվ Սիպըլ միասին փինկ փոնկ խաղցան առանց դադար առնելու` 8 ժամ, 15 վայրկեան, եւ 1 երկվայրկեան: Անոնց կը պատկանի աշխարհի մրցանիշը գնդակը իրարու նետելու առանց զայն գետին ձգելու:
  • Սարդերը իրենց ոտքերուն ծայրերը ճանկեր ունին:
  • Այժմ Ճափոնի մէջ Պարպի պուպրիկները կը շինուին բերաննին գոց եւ առանց ակռայի:
  • Թարթիչ մը մօտաւորապէս 75 օր կը դիմանայ իյնալէ առաջ:
  • Պամպուի եղէգի կարգ մը տեսակներ 24 ժամուայ մէջ 0,9 մեթր կ՛աճին:

Մտածենք

mdadsenk

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

– Կրնա՞ս  7, 8, 9, 13, 14 եւ 15 թիւերը զետեղել տախտակին մէջ, իւրաքանչիւր հորիզոնական, ուղղահայեաց եւ շեղակի շարքերուն վրայ 33 գումարը ստանալու համար:

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ՝ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատանիները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատանիները:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւրին պատկանող թռուցիկը:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւրին պատկանող թռուցիկը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս իւրաքանչիւր տուփիկ դնել իրենց համապատասխանող տեղը յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս իւրաքանչիւր տուփիկ դնել իրենց համապատասխանող տեղը յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել այս աղջկան եւ հայելիին մէջ անոր պատկերին միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել այս աղջկան եւ հայելիին մէջ անոր պատկերին միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

– 10 – 15 – 8 = 33

– 9 – 11 – 13 = 33

– 14 – 7 – 12 = 33

Share this Article
CATEGORIES